ԳԱԼՈՒՍՏ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԱՆՀԱՆԳՍՏԱՑԱՒ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան երէկ ուշ երեկոյեան հիւանդանոց փոխադրուեցաւ Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան բժիշկներու հսկողութեան տակ կը գտնուի ու վիճակը բաւարար է, ինքնազգացութիւնը՝ լաւ։ 

Երէկ ժամը շուրջ 20.00-ին, Գալուստ Սահակեան փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր անցած է բժշկական հետազօտութենէ։ Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանի «Հերացի» թիւ 1 հիւանդանոցէն ներս բժիշկները ամբողջական քննութենէ անցուցած են Սահակեանը։ Արդիւնքին ստուգուած է, որ ան ունեցած է արեան ճնշումի կտրուկ տատանում։ Ախտորոշուած է նաեւ արեան շրջանառութեան խանգարում։ 

Գալուստ Սահակեան միջոց մը կը մնայ բժշկական վերահսկողութեան տակ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016