ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԱՌԱՋԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ։ Դէպի Վրաստան պաշտօնական այցելութեան շրջագծով ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի եւ Վարչապետ Կէորկի Քվիլիքաշվիլիի հետ ունեցած հանդիպումներուն առընթեր Մեւլիւտ Չավուշօղլու մէկտեղուեցաւ իր վրացի պաշտօնակցին՝ Միխէյիլ Ճանելիծէի հետ։ Երկու նախարարները տեղեկացուցին, թէ շուտով տեղի պիտի ունենայ Թուրքիա-Վրաստան Բարձր մակարդակով ռազմավարական խորհուրդի առաջին հանդիպումը՝ վարչապետներու մակարդակով։
«Վրաստան մեր ռազմավարական գործընկերն է ու շատ կարեւոր է Ռազմավարական խորհուրդին ստեղծուած ըլլալը բարձր մակարդակով։ Մեր վարչապետները Տաւոսի մէջ պայմանաւորուեցան, որպէսզի առաջին հանդիպումը տեղի ունենայ Մարտին կամ Ապրիլին։ Մենք կը փափաքինք, որ այդ հանդիպումը ըլլայ շատ յաջող եւ արդիւնաւէտ, որովհետեւ ան պիտի իրականացուի վարչապետներուն մասնակցութեամբ», ըսաւ Չավուշօղլու Թիֆլիզի մէջ։
Իր կարգին, Ճանելիծէ եւս ընդգծեց նորաստեղծ խորհուրդի աշխատանքներուն կարեւորութիւնը։ Ան համոզուած է, թէ խորհուրդի շրջանակներէն ներս հանգամանօրէն պիտի քննարկուին երկու երկիրներու համատեղ նախագծերը։
Չավուշօղլու Թիֆլիզի մէջ կը մասնակցի նաեւ Միխէիլ Ճանելիծէի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ եռակողմանի հանդիպման։