ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՎԷՃ
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմրան նստաշրջանին Հայաստանի դէմ օրակարգի վրայ եկած երկու բանաձեւերը ծնունդ տուին հետաքրքրական բանավէճի մը, որ ներկայիս կը զբաղեցնէ հանրային կարծիքը։ Ծանօթ է, որ այդ նստաշրջանին ընթացքին շրջանառութեան մէջ դրուած էին Հայաստանի դէմ, Ատրպէյճանի ի նպաստ երկու բանաձեւեր, որոնցմէ մին մերժուած էր, իսկ միւսը՝ ընդունուած։ Քուէարկութեան ընթացքին երկու բանաձեւերուն ալ կողմ հանդէս եկած էր Իսթանպուլի ԱՔ կուսակցութեան երեսփոխան Մարգար Էսաեան, որ մաս կը կազմէ ԵԽԽՎ-ի մօտ Թուրքիոյ պատուիրակութեան։ Մարգար Էսաեանի այդ դիրքորոշումը տեղի տուած էր Հայաստանի պատուիրակութենէն Նայիրա Զօհրապեանի բուռն հակազդեցութեան։ ԵԽԽՎ-ի Նախագահ Փետրօ Ակրամունտ երէկ հաստատեց, որ այդ պահու շահագրգիռ անձերուն հետ պիտի քննարկէ Նայիրա Զօհրապեանին վարքը, որովհետեւ ան Մարգար Էսաեանին մօտենալով ըսած էր բաներ մը։ Այս կապակցութեամբ Նայիրա Զօհրապեան երէկ «tert.am» կայքէջին յայտնեց, թէ բացարձակ անտարբերութեամբ կը վերաբերի այդ բոլորին ու բոլորովին չի հետաքրքրուիր Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմի եւ անոր ձայնակցած ԵԽԽՎ-ի ատրպէյճանամէտ նախագահ Փետրօ Ակրամունտի համատեղ քոալիսիոնով իրեն դէմ։ «Ես՝ որպէս ազգութեամբ հայ, պարտաւոր էի թրքական պատուիրակութեան ազգութեամբ հայ պատգամաւորին, այսպէս ձեւակերպենք, յայտնել իմ դիտարկումը իր քուէարկութեան վերաբերեալ։ Ոեւէ հայ, անկախ այն հանգամանքէն, թէ ո՛ր երկրի քաղաքացին է, չունէր բարոյական իրաւունքը՝ կողմ քուէարկելու հակահայ խայտառակ զեկոյցին», ըսաւ ան։
Ակրամունտ Էսաեանի եւ Զօհրապեանի միջեւ պատահածը նկատած էր ցաւալի, իսկ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու՝ անընդունելի։ «Ես ընդամէնը ազատ ոճի մէկ-երկու դիտարկում ըրած եմ Մարգար Էսաեանի պահուածքին մասին», ըսաւ Զօհրապեան։ Բաց աստի, ան յիշեցուց, թէ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ եւս գայթակղեցուցիչ պատմութեան մը մէջ յայտնուած էին՝ երբ ան կը վարէր ԵԽԽՎ-ի նախագահի պաշտօնը։
Այս բոլորին կապակցութեամբ երէկ շօշափեցինք Մարգար Էսաեանի կարծիքը։ Ան մեզի յայտնեց հետեւեալը.
«Նայիրա Զօհրապեան ինծի հայհոյեց եւ սպառնաց։ Մեր պատուիրակութիւնը գանգատ ներկայացուց նախագահութեան։ Տեղեկացուցինք ըրածներուն մասին։ Պատժամիջոցներ պիտի գործադրուին իրեն դէմ։ Նայիրա Զօհրապեան պիտի զգուշացուի, մեզի յայտնեցին, թէ Ապրիլին՝ ԵԽԽՎ-ի գարնան նստաշրջանին ընթացքին կրնայ ներողութիւն խնդրել։
«Ան աւելի առաջ ալ ըրած է նման բաներ։ Հայաստանի պատուիրակութեան միւս պատգամաւորները յայտնեցին այս մասին։ Ընդդիմադիր պատգամաւոր Նայիրա Զօհրապեան անհաւասարակշիռ անձնաւորութիւն մըն է։ Իր վարքը յարիր չէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան. անվայել է։ Ես քուէարկած եմ հետեւելով իմ խղճիս ձայնին։ Այնտեղ ընդունուած զեկոյցը ունի մարդասիրական բնոյթ։ Արգիլուեր է զեկուցողին աշխատանքը։ Ես ստիպողութիւն չունիմ հաշիւ տալու իմ կատարած քուէարկութեան մասին։ Ոեւէ անձէ ազգային պատկանելիութեան հիման վրայ վերաբերմունք ակնկալելը ցեղապաշտութիւն է։ Ես Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր եմ ու սխալ կը համարեմ նման ակնկալութիւնները։ Ես այդ քուէն չեմ տուած Թուրքիոյ պատուիրակութեան անդամներէն մին ըլլալու պատճառով, այլ քուէարկած եմ իմ ազատ կամքով»։
Ըստ կարգ մը մեկնաբանութիւններու, Նայիրա Զօհրապեան ԵԽԽՎ-ի մօտ կրնայ զրկուիլ քուէարկութեան իրաւունքէ։ Այս հաւանականութեան կապակցութեամբ Մարգար Էսաեան ըսաւ, թէ իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն մէջ այդպիսի բան մը չէ ըսուած ու վստահ չէ, թէ ԵԽԽՎ-ի կանոնադրութեան մէջ նման տրամադրութիւն մը կա՞յ, թէ ոչ։