ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ Մանկապատանեկան Գրքի Տօնավաճառ
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, «Խնկօ Ապոր» անուան ազգային մանկական գրադարանը եւ Հայաստանի Հրատարակիչներու ընկերակցութիւնը Փետրուար 17-21 թուականներու միջեւ կը կազմակերպեն Մանկապատանեկան գիրքի երեւանեան 13-րդ ցուցահանդէս-տօնավաճառը:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Փետրուարի 18-ին, ժամը 14.00-ին, «Խնկօ Ապոր» ազգային մանկական գրադարանի ճեմասրահին մէջ: Տօնավաճառը եւ առընչուող ձեռնարկները պիտի իրականացուին գրադարանի ճեմասրահին, դահլիճին եւ սրահներուն մէջ: Ցուցահանդէս-տօնավաճառը պիտի ներկայացնէ հայաստանեան հրատարակիչներու վերջին տարիներու լաւագոյն հրատարակութիւնները, յատկապէս՝ մանկապատանեկան ոլորտի գրականութիւնը: Հնգօրեայ տօնավաճառին ընթացքին կը նախատեսուին պտոյտներ, հէքեաթապատումներ, խամաճիկներու դիտումներ, գիրքերու շնորհանդէսներ, ընթերցանութիւն եւ այլ ծրագիրներ: