Հաղբատի Մէջ Սայաթ Նովայի Թանգարան

Հաղ­բա­տի մէջ մօտ ա­պա­գա­յին Սա­յաթ Նո­վա­յի թան­գա­րան պի­տի կա­ռու­ցուի: Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ու­նի ո­րոշ­ման նա­խա­գի­ծը։ Այդ մա­սին կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տէն ետք լրագ­րող­նե­րուն յայտ­նած է Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան:

«Ու­նինք տաս­նեօթ ներդրու­մա­յին ծրա­գիր­ներ, ո­րոնց մեծ մա­սը ար­դէն մեկ­նար­կած է եւ յա­ռա­ջի­կայ մէկ-եր­կու ա­միս­նե­րուն ի­րա­կա­նու­թիւն կը դառ­նան: Բայց ա­նոնց իւ­րա­քան­չիւր օր, իւ­րա­քան­չիւր ա­միս կ՚ա­ւել­նան նոր գա­ղա­փար­ներ», նշած է Ա­մի­րեան:

Անդ­րա­դառ­նա­լով այն հար­ցու­մին, թէ նա­խընտ­րա­կան շրջա­նը որ­քա­նով կրնայ ազ­դել ներդ­րու­մա­յին ծրա­գիր­նե­րուն վրայ, առ­կա­խել զա­նոնք` նա­խա­րա­րը ը­սած է. «Չեմ կար­ծեր, ո­րով­հե­տեւ կայ աշ­խա­տա­կազմ, կան մար­դիկ, կան ՊՈԱԿ-ներ, ո­րոնք հա­մա­ձայն պե­տա­կան ծրա­գիր­նե­րու, յանձ­նա­րա­րա­կան­նե­րու կ՚աշ­խա­տին եւ ներդ­րու­մա­յին ծրա­գիր­նե­րուն մեծ մա­սը մաս­նա­ւոր հա­տուա­ծի հետ հա­մա­գո­ծակ­ցու­թեան ար­դիւնք է, իսկ մաս­նա­ւո­րը շա­հագրգ­ռուած է շատ ա­րագ ի­րա­կա­նաց­նել զա­նոնք»:

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017