Հայաստանի Մէջ ԿԸ ՍՏԵՂԾՈՒԻ Ելեկտրոնային Բժշկական Գրադարան
Ապագայ բժիշկները շուտով հնարաւորութիւն պիտի ունենան օգտուելու ելեկտրոնային բժշկական գրադարանէն: Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամին եւ Մխիթար Հերացիի անուան Պետական բժշկական համալսարանի ուսանողական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ՝ կը ստեղծուի ելեկտրոնային բժշկական գրադարան:
Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ծրագիրին ծիրէն ներս կը ստեղծուի եռաբաղադրեալ ելեկտրոնային կայք: Անիկա պիտի ունենայ ելեկտրոնային գրադարան, յատուկ բաժիններու մէջ ներառուած պիտի ըլլան փորձնական նիւթեր եւ տեսանիւթեր: Իւրաքանչիւր ուսանող եւ դարմանատան ուսանող՝ իր ուրոյն մուտքի ծածկագիրով՝ հնարաւորութիւն պիտի ունենայ մուտք գործելու նշուած թուային հարթակ եւ ըստ ուսումնական տարիներու՝ համապատասխան գրականութիւն ստանալու:
«Ելեկտրոնային բժշկական գրադարան»ին մէջ ներառուած ուսումնական փորձարկումներուն միջոցով՝ ուսանողները պիտի ստուգեն եւ ամրապնդեն իրենց գիտելիքները: Կայքը պիտի ունենայ նաեւ տեսադասընթացքի բաժին, ուր զետեղուած պիտի ըլլան օրինակելի դասախօսութիւնները, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան որեւէ պահու վերյիշելու անհրաժեշտ նիւթը: