Հայաստանի Մէջ Կրթութեան Որակի Շաբաթ
Մասնագիտական կրթութեան Որակի ապահովման ազգային կեդրոնը (ՈԱԱԿ) Փետրուար 20-24 թուականները կը յայտարարէ կրթութեան որակի շաբաթ:
Արդէն երրորդ անգամ կազմակերպուող որակի շաբաթուան նպատակն է թէ՛ կրթութեան ոլորտի ներկայացուցիչներու, թէ՛ ղեկավար օղակներու եւ թէ հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել կրթութեան որակի ապահովման վրայ՝ քննարկելու առկայ խնդիրները, կիսուելու լաւագոյն փորձով եւ ձեւաւորելու ապագայի ընդհանուր տեսլական:
Յառաջիկայ որակի շաբաթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան աշխատաժողովներ նուիրուած՝ ուսանողներու, երիտասարդ դասախօսներու, մասնագիտութեան կրթական ծրագիրներու եւ որակաւորումներու ազգային շրջանակի համապատասխանութեան խնդիրներուն, իսկ շաբաթը պիտի ամփոփ-ւի երկօրեայ համաժողովով, որուն թեման պիտի ըլլայ գնահատման համակարգերու բարելաւումը:
Որակի շաբաթը պիտի մեկնարկէ Փետրուարի 20-ին՝ ուսանողներուն նուիրուած աշխատաժողովով:
Ձեռնարկին պիտի մասնակցին ուսանողներ, դասախօսներ, որակի ապահովման պատասխանատուներ, կրթութեան կառավարիչներ եւ ոլորտի այլ ներկայացուցիչներ: Աշխատաժողովը պիտի դառնայ քննարկման հարթակ՝ բարձրաձայնուած խնդիրներու էութիւնը հասկնալու եւ լուծման ընդունելի եւ արդիւնաւէտ ուղիներ որոնելու համար:
Աշխատաժողովին ընթացքին պիտի քըն-նարկուին հետեւեալ թեմաները՝ համալսարանական աղբիւրներու հասանելիութիւնը բոլոր ուսանողներուն՝ անկախ ուսումնական հաստատութենէ. աշխատաշուկայի պահանջները եւ համալսարանական կրթութեան համապատասխանութիւնը անոնց. մագիստրոսական կրթութեան բացերը. մագիստրոսը իբրեւ հետազօտող մասնագէտ եւ աշխատուժ. համալսարանական կրթութիւն. ինչո՞ւ համար կը վճարէ ուսանողը:
ՈԱԱԿ-ը, կարեւոր համարելով դասախօսներու դերը որակի ապահովումը լսարան հասցնելու գործին մէջ, Փետրուարի 21-ի աշխատաժողովը պիտի նուիրէ երիտասարդ դասախօսներու խնդիրներու քննարկման:
Որակի շաբաթուան երրորդ օրը նուիրուած պիտի ըլլայ մասնագիտութեան կրթական ծրագրերու եւ որակաւորումներու ազգային շրջանակի (ՈԱՇ) համապատասխանութեան:
ՈԱԱԿ-ը ՏԵՄՊՈՒՍ-ի ALIGN ծրագրի հետ համագործակցութեամբ՝ Փետրուարի 22-ին պիտի կազմակերպէ աշխատաժողով, ուր պիտի ներկայացուին ALIGN ծրագրի ձեռքբերումներն ու առկայ մարտահրաւէրները:
Աշխատաժողովին ընթացքին ուսանողներու, դասախօսներու եւ կրթութեան կառավարիչներու տեսանկիւնէն պիտի քննարկուի կրթական ծրագրերու բարեփոխման անհրաժեշտութիւնը: Պիտի շեշտադրուի յատկապէս գնահատման բարելաւումը իբրեւ դասաւանդման արդիւնաւէտութեան գործիք: Ձեռնարկին ընթացքին մասնակիցներուն պիտի ներկայացուին նաեւ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ուքրայնոյ ծրագրի շահակից համալսարաններու մէջ իրականացուած մասնագիտութեան կրթական ծրագրերու արտաքին գնահատման արդիւնքները, ՈԱՇ-ի եւ վերջնարդիւնքներու համապատասխանեցման լաւագոյն փորձը, գործընթացէն քաղուած դասերը:
Աշխատաժողովի աւարտին տեղացի ու միջազգային փորձագէտները, ուսանողները եւ ՈԱԱԿ-ի ներկայացուցիչները առաջարկ պիտի ներկայացնեն կառավարութեան՝ ազգային մակարդակով մասնագիտութեան կրթական ծրագրերու մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւններու մասին:
Որակի շաբաթը պիտի ամփոփուի «Որակը լսարանին մէջ՝ գնահատման համակարգերու բարելաւում» թեմայով երկօրեայ համաժողովով, որ տեղի պիտի ունենայ Փետրուարի 23-24 թուականներուն:
Տարուան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ պիտի մեկնարկէ հաշուեքննութիւն, որ կը միտի մասնագիտութեան կրթական ծրագրերու բարեփոխման, գնահատման համակարգի բարելաւման եւ ոլորտի ընդհանուր պատկերի յստակեցման: Աշխատաժողովներով անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ «Կրթական ծրագրերու վերանայում՝ գնահատման համակարգի բարելաւման ծիրէն ներս», «Դասաւանդման բարելաւում՝ գնահատման համակարգերու վերանայման միջոցով», «Ուսանողի առաջընթացի ծրագրաւորում. գնահատման դերը» թեմաներուն:
Տեղի պիտի ունենայ շահակիցներու քննարկում «Ինչպիսի գնահատանք կ՚ակնկալէ ուսանողը ուսումնական հաստատութենէն» թեմայով:
Համաժողովին ընթացքին ոլորտի հեղինակաւոր մասնագէտները Մեծն Բրիտանիայէն, Իրլանտայէն, Պելժիայէն, Զուիցերիայէն եւ Ռուսաստանէն պիտի ներկայացնեն կրթութեան որակի ապահովման իրենց երկրի լաւագոյն փորձը:
Պիտի ներկայացուին նաեւ Որակի ապահովման մասնագէտներու եւ աջակիցներու ցանց հիմնելու ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքները, պիտի ազդարարուի ցանցի գործունէութեան մեկնարկը:
Համաժողովի ընթացքին պիտի ըլլան նաեւ ներկայացումներ՝ նուիրուած կրթութեան ոլորտի նորարարութեան, դասաւանդման եւ գնահատման նոր եղանակներու ներդրման: