ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, որ կը մասնակցի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին, իր շփումներուն շրջագծով նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ հետագայ հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ համանախագահներու՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան յառաջիկայ այցելութեան վերաբերեալ հարցեր։
Բաց աստի, Նալպանտեան Միւնիխի մէջ առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Ռիչըրտ Հակլընտի (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Նախարար Նալպանտեան զրուցակիցներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց առ այն, որ հակառակ յանձնառութիւններու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու բազմաթիւ պահանջներուն, Ատրպէյճան կը շարունակէ 1994-1995 թուականներուն հրադադարի եռակողմանի անժամկէտ համաձայութիւնները խախտել, անոնք զուգորդելով ռազմական ճանապարհով խնդիրը լուծելու սպառնալիքներով։
Զրուցակիցները շեշտեցին Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի յառաջ մղման նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման ուղղութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման անհրաժեշտութիւնը։
Միւնիխի մէջ Նալպանտեան ունեցաւ նաեւ այլ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Անոնցմէ յատկանշականներէն մին էր Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի հետ տեղի ունեցած տեսակցութիւնը։ Երկուստեք արժեւորուեցաւ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը, կարծիքներ փոխանակուեցան փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպման եւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան շուրջ։ Զրուցակիցները քննարկեցին Էրպիլի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարան մը բանալու վերաբերեալ հարցեր։ Այս կապակցութեամբ Նալպանտեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուող համակողմանի աջակցութեան բերումով։ Նալպանտեանի խնդրանքով՝ Պարզանի ներկայացուց Իրաքի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարին գծով արձանագրուած վերջին զարգացումները։ Նալպանտեան եւ Պարզանի անդրադարձան նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային բնոյթով հրատապ հարցերուն։
Բաց աստի, Նալպանտեան Միւնիխի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Քաթարի եւ Օմանի արտաքին գործոց նախարարներուն, ինչպէս նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահին հետ։