ՍԵՐՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Ճո­զըֆ Տան­ֆորտ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թուր­քիոյ մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քա­րի կող­մէ։ Եր­կու բարձ­րաս­տի­ճան զի­նուո­րա­կան­նե­րը այս առ­թիւ վե­րա­հաս­տա­տե­ցին ի­րենց հա­մա­խոհ դիր­քո­րո­շու­մը՝ Սու­րիա­յէ եւ Ի­րա­քէ ներս ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու դէմ պայ­քա­րի ուղ­ղու­թեամբ, նե­րա­ռեալ ՓՔՔ-ն եւ Ի­ՇԻՊ-ը («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում)։

ԱՄՆ-ի նոր ղե­կա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման զու­գա­հեռ Ան­գա­րա-Ո­ւա­շինկ­թըն ա­ռանց­քին վրայ բարձր մա­կար­դա­կի շփում­նե­րը վե­րաշ­խու­ժա­ցած են։ Ան­ցեալ շա­բաթ Թուր­քիա այ­ցե­լած էր ԱՄՆ-ի Կեդ­րո­նա­կան հե­տա­խու­զու­թեան գոր­ծա­կա­լու­թեան (CIA) տնօ­րէն Մայք Փոմ­փէօ։ Հա­զիւ շա­բաթ մը անց յա­ջոր­դեց զօ­րա­վար Ճո­զըֆ Տան­ֆոր­տի այ­ցը։

Հու­լու­սի Ա­քար-Ճո­զըֆ Տան­ֆորտ հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խէն ներս։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րու կող­մէ ձեռ­նար­կուած «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան զու­գա­հեռ ար­ձա­նագ­րուած լուրջ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը դրուե­ցան սե­ղա­նի վրայ։ Հու­լու­սի Ա­քար մատ­նան­շեց, որ անվ­տան­գու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րուած շրջան­նե­րը սկսած են վե­րաբ­նա­կե­ցուիլ։ Ա­քար շեշ­տեց, որ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ աշ­խոյժ պայ­քա­րը պի­տի շա­րու­նա­կուի։ Էլ Պա­պի շրջա­նէն ներս մե­ծաւ մա­սամբ ա­պա­հո­վուած է վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը ու կար­գը հա­սած՝ խու­զարկ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Կող­մե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ ի­րենց մտադ­րու­թիւ­նը։ Ըստ Ա­քա­րի, մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան զօ­րա­վի­գին ա­ւել­ցուի­լը կը ներ­կա­յաց­նէ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն։

Տե­ղա­կան մա­մու­լը վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն կ՚անդ­րա­դառ­նայ Ժո­զըֆ Տան­ֆոր­տի այ­ցին։ Ըստ այդ աղ­բիւր­նե­րուն, Ա­քար-Տան­ֆորտ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած է նաեւ Ռաք­քա­յի ա­զա­տագր­ման խնդի­րը։

ՉԱ­ՎՈՒ­ՇՕՂ­ԼՈ­ՒԻ ՇՓՈՒՄ­ՆԵ­ՐԸ

Միւս կող­մէ, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուն ալ վեր­ջին օ­րե­րուն ի­րե­րա­յա­ջորդ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ իր ա­մե­րի­կա­ցի եւ ռուս պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն՝ Ռեքս Թի­լըր­սը­նի եւ Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ Հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան Գեր­մա­նիոյ Պոնն քա­ղա­քին մէջ, ուր կազ­մա­կեր­պուած է Մեծ քսա­նեա­կի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն հան­դի­պու­մը։

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017