ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ՆՈՐ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ

Համահայկական մամլոյ համաժողովի նոր փուլը կազմակերպելու առաջադրութեամբ վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ժողով մը։ Այսպէս, համահայկական մամլոյ համաժողովի կազմակերպման աշխատանքային խումբը կատարած է ընդհանուր արժեւորում մը։ Արդարեւ, ամսավերջին Անթիլիասի մէջ տեղի պիտի ունենայ այս աշխատանքային խումբին բուն ժողովը, որու ընդառաջ Երեւանի մէջ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցած են անոր օրակարգին շուրջ։ Այսպէս, խորհրդակցութեան մասնակցեցան աշխատանքային խումբի անդամները՝ «Արմէնփրէս»ի տնօրէն Արամ Անանեան, «Նոյեան տապան»ի տնօրէն Տիգրան Յարութիւնեան, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ, «168 Ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Սաթիկ Սէյրանեան հեռակապով որոշած են դիմել շահագրգիռ բոլոր կառոյցներուն եւ նախորդ համաժողովին մասնակից գործընկերներուն՝ յաջորդ համաժողովի օրակարգին եւ ձեւաչափին վերաբերեալ առաջարկներ ու դիտարկումներ ներկայացնելու խնդրանքով:

Լրատուամիջոցները եւ շահագրգիռ կողմերը առաջարկներ կրնան ներկայացնել Parmforum2020@gmail.com ելեկտրոնային փոստի հասցէին՝ մինչեւ փետրուարի 28-ը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2020