ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ

Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի համերգ մը։ Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբը եւ Ազգային Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահի երդիքին տակ հանդէս եկան բարեգործական ձեռնարկով մը։ Արցախի պատերազմին ժամանակ զոհուած քաջորդիներու յիշատակին ձօնուած էր այս երեկոյթը, որու հասոյթը կը տրամադրուի Զինուորականներու ապահովագրութեան հիմնադրամին։

Համերգի յայտագիրը գործադրուեցաւ մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի մականին ներքեւ։ Ան Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարն է։

«Կը փափաքինք մեր լուման ներդնել մարդոց օգնելու գործին։ Հիմա աջակցութեան կարիք շատ կայ», յայտնեց նուագախումբի տնօրէն Դաւիթ Թերզեան «Արմէնփրէս»ի թղթակցին հետ զրուցելու ժամանակ։ Յառաջիկայ շրջանի ծրագրերուն անդրադառնալով՝ ան նշեց, որ երգչախումբը կը նախատեսէ թէ՛ կենդանի համերգներ եւ թէ ձայնագրութիւններ, որոնք յառաջ կը տարուին տարանջատուած ձեւով։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2021