ԽՏԱՑԵԱԼ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Նախարարներու հանդիպման զուգահեռ՝ նոյն օրը հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։ Իր հայ պաշտօնակիցը հիւրընկալած նոյն օրը Սերկէյ Լաւրովն ալ հեռաձայնով կապ հաստատեց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, որ այս օրերուն Պաքուի մէջ կը հիւրընկալէ Թուրքիոյ եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյցի ժամանակ քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան իրականացման ընթացքը։ Մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ ռազմագերիներու եւ պատանդներու շուտափոյթ վերադարձի կարեւորութիւնը։ Հայկական կողմը մտահոգութիւն յայտնեց, որ Ատրպէյճան լիարժէք չի կատարեր հրադադարի համաձայնութեան համապատասխան կէտի պահանջները։ Փաշինեան եւ Փութին քննարկեցին նաեւ Երեւան-Մոսկուա համագործակցութեան օրակարգային հարցերը եւ դաշնակցային համագործակցութեան ապագայ զարգացման ուղիները։

Այվազեանի եւ Լաւրովի Մոսկուայի բանակցութիւններու օրակարգին վրայ ալ տեղ գտան նման հարցեր։ Այվազեան նշեց, որ ռազմագերիներու վերադարձի արհեստական ձգձգումը Ատրպէյճանի կողմէ լուրջ խոչընդոտներ կը ստեղծէ եռակողմանի համաձայնութիւններու կենսագործման ճանապարհին։ Հայկական կողմը բարձր գնահատեց Արցախէ ներս մարդասիրական իրավիճակի բարելաւման ուղղութեամբ ռուսական կողմի ներդրած ջանքերը։ Այվազեան-Լաւրով հանդիպման օրակարգին վրայ էին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման վերաբերեալ հարցեր։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ կարգաւորման առանցքային հարցերու հասցէագրումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Լաւրովն ու Պայրամովն ալ հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ հարցերուն։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան «Ազատութիւն»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ ապագայ յարաբերութիւններու հարցին շուրջ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ գերիներու վերադարձի խնդրին լուծումը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2021