ՄԱՐՏԻՆ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ յառաջիկայ ամիս Թուրքիա նոր սկիզբ մը պիտի ունենայ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ մարտին երկրէն ներս աստիճանաբար բնականոնացման շրջան մը պիտի սկսի։ Ցարդ Թուրքիա համավարակի դէմ պայքարի ուղղութեամբ կ՚ընթանայ յստակ նպատակներով եւ այս փուլին արդէն նոր սկիզբի մը երթալու տեսակէտէ բաւարար նախադրեալներ գոյացած են՝ շնորհիւ հաստատուած սահմանափակումներու տուած արդիւնքին, ձեռնարկուած նախազգուշական միջոցներու ազդեցութեան եւ պատուաստումներուն։

Նախագահ Էրտողան երէկ ազգին խօսք ուղղելով բացատրութիւններ տուաւ աստիճանական բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Երկրի ղեկավարին ելոյթը տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդի ժողովէն վերջ։ Ան տեղեկացուց, որ որդեգրուած է յստակ ժամանակացոյց մը, որու իւրաքանչիւր քայլափոխին կարգադրութիւններն ալ գրեթէ յստակացած են։ Ըստ Էրտողանի, մարտի սկիզբին երկրի քաղաքները չորս խմբաւորման պիտի բաժնուին՝ ըստ դէպքերու, պատուաստումի, համեմատութիւններու նման չափանիշներու։ Յաջորդ ամիս կը նախատեսուի պատուաստումներու ուղղութեամբ լուրջ ճանապարհ կտրել։ Երկրի քաղաքները պիտի դասաւորուին՝ իրենց դիմագրաւած ռիսքերու հասարակաց յայտարարին վրայ։ Շաբաթավերջերու փողոց դուրս գալու սահմանափակումներէն սկսեալ ըստ քաղաքներու, դէպքերու, պատուաստման եւ միւս չափանիշներու մեղմացումներ պիտի ըլլան՝ ընդհանրապէս փողոց դուրս գալու համար հաստատուած սահմանափակումներով հանդերձ։

Նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ հեռավար ուսուցման ընթացքն ալ պիտի վերարժեւորուի՝ ըստ տուեալ քաղաքի նոր վարակումներու պարագաներով։ Բաց աստի, պետութիւնը շարք մը քայլեր կը նախատեսէ՝ ճաշարաններու, սրճարաններու եւ նման գործատեղիները հանգստացնելու առաջադրութեամբ։ Ներկայիս այս մասին ճանապարհային քարտէսի մը վրայ աշխատանք կը տարուի եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի հրապարակուին մանրամասնութիւնները։

Էրտողան նշեց, որ պէտք է քիչ մը եւս համբերել եւ քիչ մը եւս զոհողութիւն ընել։ Արդարեւ, երկիրը այնպիսի կէտի մը հասած է, որ այս համավարակը սպառնալիք մը ըլլալէ կրնայ դադրեցնել։ Էրտողան հերթական անգամ կոչ ուղղեց, որպէսզի երկրի քաղաքացիները զօրակցին համաճարակի դէմ ձեռնարկուած պայքարին։ Ըստ իրեն, մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որ նոր դէպքերու քանակը տեւաբար նուազի երկրի բոլոր քաղաքներէն ներս։ «Մեր քաղաքացիները որքան որ ուշադիր ըլլան, որքան որ զգայնութիւն ցուցաբերեն, քաղաքներու պարզած պատկերը որքան որ բարելաւուի՝ ապա բնականոնացումը համապատասխանաբար արագ պիտի զարգանայ», յայտնեց նախագահը։

Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան խօսեցաւ նաեւ պետութեան կողմէ կարճ աշխատաժամերու համար կատարուած վճարումներուն շուրջ։ Այդ գործադրութեան ժամկէտը պիտի լրանայ յառաջիկայ 28 փետրուարին։ Կառավարութիւնը նախատեսած է վերջին անգամ մը երկարաձգել այդ ժամկէտը։ Ուստի, գործադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ մարտի վերջաւորութիւնը։

ԱՇԽԱՐՀԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը տեղեկացուց, որ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին քորոնաժահրով նոր վարակումներու եւ համաճարակի հետեւանքով մահերու համեմատութիւններուն մէջ որոշ անկում արձանագրուած է։ Այս դրական միտումը կը վերագրուի այն հանգամանքին, որ պատուաստումները ակնկալուած ազդեցութիւնը աստիճանաբար կը գործեն համաճարակի դէմ պայքարի մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2021