ՊԷՅՐՈՒԹ ՅԻՇԱՏԱԿԵՑ ՌԱՖԻՔ ՀԱՐԻՐԻՆ… ԲԱՅՑ ԱՌԱՆՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ

Լիբանանի մէջ զարգացումները կը շարունակեն մնալ կիզակէտային։

Խնդիրն այն է, որ արդէն 2020 թուականի օգոստոսին երկիրը մեծ տագնապի մատնած աղէտալի պայթումէն ետք, նաեւ վարչապետ Հասսան Տիապի հրաժարական ներկայացնելէն ի վեր, Լիբանան չկարողացաւ նոր կառավարութիւն մը կազմել։

Ճիշդ է, որ խորհրդարանի անդամներ իրենց ամբողջական վստահութիւնը արտայայտեցին Սաատ Հարիրիին, որ ըստ սահմանադրութեան ալ օգտուելով խորհրդարանի անդամներու մեծամասնութեան քուէին՝ նշանակուեցաւ վարչապետ, բայց եւ այնպէս, առկայ ներքին տարակարծութիւնները ինչ-որ տեղ մեծ արգելք հանդիսացան, որպէսզի Հարիրի չստանայ նախագահ Աունի համաձայնութիւնը եւ չկարողանայ կազմել նոր կառավարական դահլիճը։

Այս իրադրութեան մէջ, մինչ տնտեսական տագնապը օրէ օր աւելիով կը խորանայ, լիբանանցիք վերյիշեցին երկրի երբեմնի «ոսկեայ օրեր»ը, երբ Լիբանանը կը ղեկավարէր 2005 թուականին սպաննուած վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին։

Շատ խօսուած ու գրուած է Հարիրին մասին, շատեր քննադատած են զինք, իր վարած քաղաքականութիւններուն համար (յատկապէս տնտեսական քաղաքականութեան համար), բայց եւ այնպէս, եթէ այդ գործիչին մասին ընդհանուր գնահատականներ տալ փորձենք, ապա արագօրէն պիտի նկատենք, որ Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ անոր տեղն ու դիրքը, արձանագրած յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները եղած են ուղենշային՝ Լիբանանը տանելով համարաբական նոր եւ մէկէ աւելի առումներով դրական կարգավիճակի մը։

Բնականաբար բաւական բարդ եւ ապերախտ գործ է Հարիրիի անձին եւ գործին մասին համապարփակ գնահատական մը հնչեցնելը, բայց եթէ փորձենք ընդհանուր գիծերով անոր գործունէութիւնը՝ մանաւանդ դերը լոյսին բերել, ապա պիտի նկատենք, որ սիւննի աշխարհի մեծ նեցուկով մէջտեղ եկած այս գործիչը կարողացաւ մեծ ձեռքբերումներ իրականացնել։

Ամէն պարագայի իմ ընթերցողներուն հետ կիսելով մտորումներս, ստորեւ եւ բաւական սեղմ տողերու մէջ պիտի փորձեմ ներկայացնել այն հիմնարար քաղաքական կէտերը, որոնք Հարիրին կը դարձնեն իր ժամանակի ամենէն առանցքային գործիչներէն մին։

ՌԱՖԻՔ ՀԱՐԻՐԻ. ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՄԻՋՆՈՐԴԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ ԱՌԱՋ ՏԱՆՈՂ ԳՈՐԾԻՉ

Յիշատակելով՝ Լիբանանի սպաննուած վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին։

Ճիշդ 16 տարիներ առաջ, այս օրերուն (14 փետրուար 2005-ին) Պէյրութի մէջ սպաննուեցաւ Լիբանանի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին։

Սպանութիւն, որ «turning point» դարձաւ Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ, որուն հետեւանքներն ալ մինչեւ հիմա կը շարունակեն երեւիլ։

Հակառակ բոլոր մակարդակի քննարկումներուն, Հարիրի շնորհիւ իր լայնախոհ, պետական այրի վայել մօտեցումներուն եւ ընկալումներուն, կը հանդիսանայ արաբական աշխարհին մէջ իր ուրոյն տեղը զբաղեցուցած գործիչ։

Ոչ միայն սիւննի-շիի երկխօսութեան ջատագովի մօտեցումով, այլ նաեւ Արեւելք-Արեւմուտք փոխադարձ հասկացողութեան ընկալումով՝ Հարիրի դարձաւ Լիբանանի խօսնակը։

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ազդեցութիւն ունեցող խաղացողներ, ինչպիսին են՝ Իրան, Սէուտական Արաբիա, Սուրիա, Ֆրանսա, ԱՄՆ եւ նոյնիսկ Ռուսաստան, Հարիրիին հանդէպ ունէին ոչ միայն վստահութիւն, այլեւ գիտէին, որ Լիբանանի մէջ անոր ներկայութիւնը եւ «հաւասարակշռող» օղակ դառնալը շրջանին համար ապահովութեան եւ բարեկարգումի նոր ժամանակ մը պիտի բերէ։

Եւ իրաւամբ ալ այդպէս եղաւ, շնորհիւ Հարիրիին, աւերակուած Պէյրութը ոչ միայն վերակառուցուեցաւ, այլ վերստանձնեց իր համարաբական դերն ու դիրքը։

Անշուշտ անձնական պրիսմակով ալ ես այդ բոլորը շատ լաւ կը յիշեմ ու ապրած եմ այն օրերը, երբ ծննդավայրս ոչ միայն խաղաղութեան, բարեկեցութեան եւ զարթօնքի փուլին մէջ էր, այլ նաեւ արաբական մշակոյթին սիրտ եւ լոյս տուող ափը։

Հարիրի նաեւ մեծապէս կը գնահատէր «Դիմադրող Լիբանան»ի դերը եւ շատ խորքային յարաբերութիւն ունէր «Հիզպուլլահ»ին հետ, այդ միջոցով ալ կը կարողանար համակարգել ներքին նրբութիւններ եւ տարակարծութիւններով լի Լիբանանի համակարգը։

Մէկ խօսքով՝ Հարիրի լիբանանեան երակը լաւապէս մարսած, Լիբանանի դերը եւ ընելիքը լաւապէս հասկցած գործիչ էր, որուն համար ալ ոչ միայն փակ դռներ չկային (Փարիզէն Թեհրան, Ռիատ եւ այլուր), այլ ան Լիբանանը Մերձաւոր Արեւելքի տագնապներու հանգոյցէն եւ հնոցային (ժխտական իմաստով) վիճակէն դուրս բերելով աշխարհին փաստեց, որ իր համայնքներով եւ տարբերութիւններով «հարուստ» երկիրը ինչպէս կրնայ առաքելութիւն դառնալ միշտ ուղենիշ ունենալով համակեցութիւնն ու իրարու հետ ապրելու իտէալական մօտեցումները։

Լիբանանցիք միշտ բարիով պիտի յիշեն Հարիրին, որովհետեւ առնուազն անցնող տարիներու ընթացքին անոր նման բարենորոգող, շինարար եւ մարդկային վսեմ արժանիքներով մեծ գործիչ մը չեն ունեցած՝ հայրենասէր, մարդկային եւ արաբական իրաւ արժանիքներուն հաւատարիմ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2021