ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Անգլիոյ Արտաքին գործոց, համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան Եւրոպայի հետ հարեւանութեան եւ Ամերիկայի հետ հարցերու գծով նախարար Ուենտի Մորթընը, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան երկար ժամանակէ ի վեր ակամայ Հայաստանէն կը բացակայէր, որովհետեւ քորոնաժահրով վարակուած ըլլալով կը դարմանուէր Լոնտոնի մէջ։ Շաբաթներ անց Երեւան վերադառնալէ վերջ Արմէն Սարգսեան առաջին հանդիպումը ունեցաւ նոյնպէս Լոնտոնէն բարձրաստիճան հիւրի մը հետ։ Ողջունելով Մորթընի այցելութիւնը՝ Արմէն Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան-Անգլիա համագործակցութիւնը զարգացման մեծ ներուժ ունի։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի պատերազմէն վերջ ստեղծուած իրավիճակին եւ տարածքաշրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան հարցերուն։ Երկուստեք կարեւորուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան դերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերջնական ու տեւական կարգաւորման ուղղութեամբ։ Առաջնահերթ խնդիրներու շարքին ընկալուեցան առկայ մարդասիրական մարտահրաւէրները։ Նախագահ Սարգսեան առանցքային նկատեց Ատրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներու եւ ի պահ դրուած քաղաքացիական անձերու շուտափոյթ վերադարձի խնդիրը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման, նաեւ յետպատերազմեան շրջանին յառաջացած շարք մը խնդիրներուն։

Զրոյցի տեւողութեան օրակարգի վրայ եկաւ քորոնաժահրի համաճարակի վերաբերեալ իրավիճակը եւ անոր տարածումը կանխարգիլելու ուղղութեամբ երկու երկիրներու հաւանական համագործակցութիւնը։ Հեռանկարային համարուեցաւ նաեւ տեղեկատուական ու բարձր փորձագիտութիւններու, արհեստական բանականութեան, առողջապահութեան, գիտութեան, կրթութեան, ուժանիւթի եւ այլ շարք մը ոլորտներէ ներս համագործակցութիւնը։ Զրուցակիցները կարեւորեցին նաեւ կլիմայի փոփոխութիւններու դէմ պայքարի մէջ զօրակցութիւնը։

ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան Երեւան վերադառնալէ վերջ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի հետ։ Ծանօթ է, որ ան ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը։ Նախագահի գրասենեակի հաղորդումներով, գործադիր տնօրէնին հետ հանդիպման ընթացքին Արմէն Սարգսեան քննարկած է հիմնադրամի կողմէ ձեռնարկուած քայլերն ու յառաջիկայ ծրագրերը՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով Արցախի ի նպաստ մարդասիրական օժանդակութեան նախագիծերուն։ Արմէն Սարգսեան կը կարեւորէ աշխարհասփիւռ հայութեան կողմէ հանգանակուած եւ հիմնադրամին նուիրաբերուած միջոցներու արդիւնաւէտ, պատասխանատու եւ նպատակային ձեւով ծախսուիլը, ծրագրերու իրականացման ընթացակարգերու եւ ժամկէտներու խստագոյնս պահպանումը, հիմնադրամի գործունէութեան թափանցիկութիւնն ու հաշուետուողականութիւնը, ինչպէս նաեւ կառոյցի նկատմամբ վստահութիւնը։

Նախագահ Սարգսեան այժ կը նախատեսէ յառաջիկային «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի արտահերթ ժողով մը կազմակերպել՝ նպատակ ունենալով կառավարման եւ գործունէութեան վերաբերեալ խնդիրները քննարկել եւ լուծումներ գտնել։

Հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ տարեվերջին Արմէն Սարգսեան պաշտօնական նամակով մը դիմած էր հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն՝ նշելով, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է յստակ, մանրամասն եւ թափանցիկ հաշուետուութիւն ներկայացնէ իրեն փոխանցուած միջոցներով կատարուած ծախսերուն վերաբերեալ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2021