ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԿԸ ԲՆՈՐՈՇԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԸ

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի տուած վերջին բացառիկ հարցազրոյցի արձագանգները կը շարունակուին՝ բնորոշելով հայկական քաղաքական օրակարգը։ Իրերայաջորդ երկու օրերով հրապարակուած լայնածաւալ հարցազրոյցին ժամանակ Սերժ Սարգսեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները լոյս սփռեցին Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմի ծագած մթնոլորտի եւ ընթացքի բազում մանրամասնութիւններուն վրայ։ Երբ Հայաստան յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ շատ լուրջ տագնապ մը կը դիմագրաւէ, իր տեսանկիւնէն ամբողջ ճշմարտութիւնը հանրութեան ներկայացնելով հանդերձ, Սարգսեան խօսեցաւ իսկական պետական գործիչի յարիր ձեւով։ Ներկայ ծանր կացութեան մէջ ան ընդգծեց համբերութեան գործօնի կարեւորութիւնը եւ յիշեցուց. «Մեծախօսութիւնը մեր տունը քանդեց»։

Անդրադառնալով պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ ապրուածներուն՝ Սերժ Սարգսեան շատ հետաքրքրական երեւոյթներու մասին խօսեցաւ։ Ան բացատրեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ինչպիսի անհաւատալի միջամտութիւններ կատարած են պատերազմի կառավարման վրայ։ Այս բոլորի լոյսին տակ ան օգտագործեց «դաւադիր պատերազմ» որակումը։

Ռազմական գործողութիւններու ժամանակ կատարուած թերացումներու ամբողջին մէջ ան առանձնացուց երկու հանգամանք։ Առաջինը՝ զօրքերու համալրումի մասին էր։ Երբ Արցախի ճակատին վրայ հայկական զօրքերը լուրջ վնասներ կը կրէին, ապա երկրի միւս սահմանները պաշտպանող զօրամիաւորումները, որոնք պատրաստ, մարզուած ուժեր էին, չեն սահեցուած դէպի ռազմաճակատ։ Պատերազմի ժամանակ փորձ կատարուած է զօրքերը համալրել կամաւորներով։ Մինչդեռ, պէտք էր կամաւորները ռազմաճակատէ հեռու միւս սահմաններու պաշտպանութեան կոչուէին, իսկ պատրաստ, մարզուած զօրքերով համալրուէին ռազմաճակատի ուժերը։

Երկրորդ՝ Սերժ Սարգսեան ամբողջ հիմնաւորումներով բացատրեց, որ Հայաստան չէ կրցած իր դաշնակցային յարաբերութիւններու ընձեռած հնարաւորութիւններէն օգտուիլ։ Ճիշդ է, որ Ռուսաստանի կամ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) պարագային կարելի չէր ակնկալութիւն մը ունենալ Արցախի ճակատին համար, բայց, նոյնը խնդրոյ առարկայ չէր Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին համար։ Ուստի, եթէ կամաւորները երկրի սահմաններու պաշտպանութեան կոչուէին եւ դաշնակցային յարաբերութիւնները յաւելեալ երաշխիքի վերածուէին, ապա պատրաստի միւս զօրքերը կրնային մասնակցիլ մարտերուն։ Արդարեւ, ըստ Սերժ Սարգսեանի, Հայաստանի զինեալ ուժերու անձնակազմի շատ նուազ տոկոսը մասնակցած է Արցախի պատերազմին։

Դաշնակիցներու հետ յարաբերութիւններու փճացման շուրջ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու առընթեր, Սերժ Սարգսեան բացատրեց, որ իշխանութիւնները ինչպէս Հայաստանը մեկուսացման տարած էին։ Արդարեւ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ յայտնած էին, որ պատերազմի օրերուն Հայաստանի օդային տարածքը անհասանելի էր։ Այսինքն, սա կը նշանակէ, որ Հայաստան չէր կրցած Վրաստանի եւ Իրանի վրայով զէնքի ու զինամթերքի փոխադրումներ կատարել, ինչ որ, ըստ Սերժ Սարգսեանի, երբեք չէր պատահած։ Նախկին նախագահը իշխանութիւնները քննադատեց՝ որդեգրած ըլլալու համար այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որու հետեւանքով երկիրը առանձին մնացած է ամենաթէժ պահուն։ «Այսինքն, դուն ամէնուն հետ փճացուցած ես յարաբերութիւններդ եւ կ՚ուզես քու նեղ պահուդ, քու օրհասական պահուդ անոնք աւելի՞ն ընեն՝ քան կարելի է», ըսաւ ան։

Դիւանագիտական ձախողումներուն ալ անդրադառնալով՝ Սերժ Սարգսեան բացատրեց բանակցային գործընթացէն ներս կատարուած սխալները։ «Դուն պէտք է հասկնաս, որ երբ ուրիշներու թիկունքին գաղտնի բանակցութիւններու մէջ կը մտնես, այդ ուրիշները քեզի հանդէպ վերաբերմունք պիտի փոխեն, որովհետեւ անոնք իրենց գործողութիւններուն մէջ ջանք կը դնեն, եռանդ կը դնեն, հեղինակութիւն կը դնեն՝ հասկնալի է, ունենալով իրենց շահերը։ Այնպէս, որ այստեղ զարմանալու բան մը չկայ՝ թէ ի՛նչու ոեւէ մէկը այդպէս ալ Ատրպէյճանը չէ դատապարտած՝ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման համար», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ յիշեցուց, որ 2016 թուականի ապրիլին միջազգային հանրութիւնը միահամուռ ձեւով դատապարտած էր Ատրպէյճանի յարձակողական գործողութիւնները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2021