ԱՌԱՋԻՆ ՈՐՈՇՄԱՆ ԿԷՏԸ

Հայաստանի Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդը նախընթաց օր ժողով մը գումարեց Երեւանի մէջ։ Արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը։ Ան ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ այս խորհուրդը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդը այս վերջին ժողովին ընթացքին հաստատեց մասնագիտական յանձնաժողովի մը ձեւաւորման կարգի նախագիծը։ Նախարար Անդրէասեան ժողովին զուգահեռ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ մամլոյ սպասաւորները նախարարին հարց տուին, թէ Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդը պիտի անդրադառնա՞յ երկրի կառավարման համակարգի փոփոխութեան հարցին։ Ի պատասխան Կարէն Անդրէասեան ըսաւ. «Կ՚երաշխաւորեմ, որ որեւէ այլ մարմին չունի նման քաղաքական որոշում եւ առաջին որոշումը պիտի առնէ այս իսկ խորհուրդը։ Աւելի վերջ, ի հարկէ, չենք կրնար կառավարութեան, խորհրդարանի, Սահմանադրական ատեանի փոխարէն որոշում ընդունիլ։ Բայց կ՚երաշխաւորեմ, որ ամէն ինչ այստեղէն պիտի սկսի»։

Ուրբաթ, Փետրուար 18, 2022