ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն տեղեկացուց, որ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին առաջարկ մը ներկայացուցած է, որպէսզի յաջորդ շաբաթ հանդիպում մը ունենան Եւրոպայի մէջ։
Ուքրայնայի տագնապը Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ բացառիկ կացութիւն մը ստեղծած է։ Մէկ կողմէ լարուածութիւնը կը բարձրանայ, իսկ միւս կողմէ զուգահեռաբար կը խտանան դիւանագիտական շփումները։ Այս մթնոլորտին մէջ, ուրեմն, Պլինքըն-Լաւրով հանդիպման հաւանականութիւնը արդէն օրակարգի վրայ է, մինչ երկու նախարարները յաճախ հեռախօսազրոյցներ ալ կ՚ունենան։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, տագնապալի առկայ իրավիճակին մէջ ԱՄՆ Ռուսաստանին շփումներ կ՚առաջարկէ ՆԱԹՕ-է եւ ԵԱՀԿ-է ներս։ Էնթընի Պլինքընի համոզմամբ, այդ շփումները կրնան հիմք ստեղծել ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեսակցութեան մը համար։