ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլածէ երէկ հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ։ Թիֆլիզի աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համաշխարհային անվտանգութեան վերաբերեալ մարտահրաւէրները։ Պուրչուլածէ Փենթակոնի ղեկավարին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Վրաստանի եւ Ուքրայնայի անվտանգութեան ուղղութեամբ ցուցաբերուած վճռական աջակցութեան եւ որդեգրուած ամուր դիրքորոշման համար։

Նախարարները անդրադարձան նաեւ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներէ ներս Ուաշինկթընի եւ Թիֆլիզի ռազմավարական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերուն։

Ուրբաթ, Փետրուար 18, 2022