ԷՐՏՈՂԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ԶՐՈՅՑ

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, 30 վայր­կեան տե­ւեց այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան Քիեւ կա­տա­րե­լիք այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ Փու­թի­նի հետ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցաւ Ուք­րայ­նոյ ճգնա­ժա­մի յաղ­թա­հար­ման շուրջ։ 

Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ հայ­կա­կան հար­ցին։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիա կողմ­նա­կից է պատ­մու­թեան մօ­տե­նալ ար­դար յի­շո­ղու­թեան մը պրիս­մա­կէն։ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ռուս պաշ­տօ­նակ­ցին ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց, որ Հա­յաս­տան նկա­տի չ՚առ­ներ խա­ղա­ղու­թեան կո­չե­րը եւ դրա­կան վե­րա­բեր­մունք չի ցու­ցա­բե­րեր պատ­մա­բան­նե­րու հա­սա­րա­կաց յանձ­նա­ժո­ղով մը ստեղ­ծե­լու ա­ռա­ջար­կին։ 

Ծա­նօթ է, որ Փու­թին յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ին պի­տի այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան եւ Մոս­կուա­յի կող­մէ կա­տա­րուած հա­մա­պա­տաս­խան պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թեան յա­ջոր­դած օ­րե­րուն կը զու­գա­դի­պի Էր­տո­ղա­նի հետ հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցը։ 

Միւս կող­մէ, Էր­տո­ղան-Փու­թին տե­սակ­ցու­թիւ­նը ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ հայ­կա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։ Ըստ «Ար­մէնփրէս»ի, ի տար­բե­րու­թիւն թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րու, Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջին վրայ զե­տե­ղուած հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կա­տուու­թեան մէջ անդ­րա­դարձ չէ կա­տա­րուած հայ­կա­կան հար­ցի քննարկ­ման։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2015