ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ արձագանգեց Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ վերջին օրերուն դէպի Յունաստան կատարուած այցելութեան։ Այսպէս, Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ Աթէնք-Երեւան յարաբերութիւնը որակեց հիւանդագին։
Անգարայի ղեկավարութիւնը հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Սերժ Սարգսեանի Յունաստանի Նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի եւ Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին հնչած յայտարարութիւններուն շուրջ։ Թանժու Պիլկիչ մատնանշեց, թէ Օսմանեան կայսրութեան քայքայման շրջանին ապրուած դէպքերուն ակնարկելով Թուրքիոյ եւ թրքական ինքնութեան ուղղեալ ծանր պնդումներով յայտարարութիւններ կատարուած են։
Ըստ բանբերին, այդ յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, թէ Յունաստան-Հայաստան յարաբերութիւնները եւ զօրակցութիւնը կառուցուած է թրքական ինքնութեան դէմ հասարակաց թշնամութեան ու զայն մրոտելու հիման վրայ, ինչ որ հիւանդագին հասկացութեան մը հետեւանքն է։