Հայկական Shadowmatic-ի ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Սան Ֆրան­սիս­քո­յի մէջ կա­յա­ցած IMGA (International Mobile Gaming Awards) մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ժա­մա­նակ հայ­կա­կան Shadowmatic խա­ղը լա­ւա­գոյ­նը ճանչ­ցուած է միան­գա­մայն եր­կու ա­նուա­նա­կար­գի մէջ:

Յա­ւե­լուա­ծը յաղ­թած է «Լա­ւա­գոյն ճար­տա­րա­գի­տա­կան նուա­ճում» եւ «Հան­դի­սա­տե­սի հա­մակ­րան­քը» ա­նուա­նա­կար­գե­րու մէջ:

Shadowmatic-ը հայ­կա­կան Triada Studio-ի ստեղ­ծուած խաղն է: 2015 թուա­կա­նի Յու­նի­սին խա­ղը դար­ձած է Apple Design Awards-ի մրցա­նա­կա­կի­րը` դառ­նա­լով մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցած ա­ռա­ջին հայ­կա­կան յա­ւե­լուա­ծը:

Խա­ղը նաեւ ար­ժա­նա­ցած է եր­կու մրցա­նա­կի DevGAMM Awards-ի մէջ, ինչ­պէս նաեւ ճանչ­ցուած է տա­րուան լա­ւա­գոյն խաղ iPhone-ի հա­մար Չի­նաս­տա­նի, Հնդկաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մէջ, «Լա­ւա­գոյն խա­ղեր iPhone-ի հա­մար» մրցա­նա­կա­կիր դար­ձած Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Մեծն Բրի­տա­նիոյ, Ֆրան­սա­յի եւ Գեր­մա­նիոյ մէջ: Հոնկ Քոն­կի եւ Թա­յուա­նի մէջ խա­ղը յաղ­թած է «Ա­մե­նա­նո­րա­րա­րա­կան խաղ iPhone-ի հա­մար» ա­նուա­նա­կար­գին, իսկ Քո­րէա­յի մէջ ստա­ցած է «Լա­ւա­գոյն պեսթ­սե­լըր iPhone-ի հա­մար» կո­չու­մը: Խա­ղը ար­ժա­նա­ցած է նաեւ բազ­մա­թիւ այլ մրցա­նակ­նե­րու:

IMGA-ն ձեռ­քի հե­ռա­խօս­նե­րու խա­ղե­րու ներ­կա­յաց­ման յա­ռա­ջա­տար հար­թակ­նե­րէն մէկն է, ո­րուն կը ներ­կա­յա­ցուին iPhone, Android եւ այլ հա­մա­կար­գե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած լա­ւա­գոյն լու­ծում­նե­րը: IMGA-ն կ­՚ի­րա­կա­նա­ցուի ար­դէն 12-րդ ան­գամ:

 

 

 

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016