ՀՌՈՄԻ ՊԱՊԻՆ ԿՈՂՄԷ ՊարգեւատրՈՒՄ

Վա­տի­կա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Մի­քա­յէլ Մի­նա­սեան Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պին կող­մէ պար­գե­ւատ­րուած է Փիոս Պա­պի աս­պե­տա­կան ուխ­տի Մեծ խա­չի շքան­շա­նով:

Վա­տի­կա­նի Ա­ռա­քե­լա­կան պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ժա­մա­նակ Սուրբ Ա­թո­ռի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թեան տե­ղա­պահ ար­քե­պիս­կո­պոս Ճո­վան­նի Ան­ճե­լօ Պե­չու դես­պան Մի­նա­սեա­նին յանձ­նած է Փիոս Պա­պի աս­պե­տա­կան ուխ­տի Մեծ խա­չի շքան­շա­նը:

Շքան­շա­նի շնորհ­ման մա­սին Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տի կոն­դա­կին հա­մա­ձայն՝ Մի­քա­յէլ Մի­նա­սեա­նը քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան այս դա­սի կոչ­ման ար­ժա­նա­ցած է` «…իբ­րեւ  ակ­նա­ռու ա­պա­ցոյց պաշ­տօ­նա­պէս վկա­յե­լու Ձե­զի հան­դէպ ու­նե­ցած Մեր բա­րե­սի­րու­թեան» հա­մար:

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016