ՆՈՐԱԲԱՑ «AKADEMİ-Z»Ն

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ­­՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի նոր սե­րուն­դի ա­րուես­տա­գէտ­նե­րէն Մե­լիք­ճան Զա­ման հիմ­քը դրած է գե­ղա­րուես­տի կրթու­թեան ուղ­ղեալ կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան մը, որ բա­ւա­կան յա­ւակ­նոտ ծրագ­րի մը պտու­ղը կը հա­մա­րուի իր տե­սա­կին մէջ։ Նա­խըն­թաց օր, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Մե­լիք­ճան Զա­մա­նը, որ փու­թա­ցած էր մե­զի ներ­կա­յաց­նել իր հաս­տա­տած գե­ղա­րուես­տա­կան դպրո­ցը։ Իր հետ զրու­ցե­լը միշտ ալ հա­ճե­լի է եւ հե­տաքրք­րա­կան։ Այդ հան­գա­ման­քը չէ պայ­մա­նա­ւո­րուած միայն զրոյ­ցի բո­վան­դա­կու­թեամբ, այլ նաեւ ու­նի զգա­ցա­կան ծալ­քեր։ Ար­դա­րեւ, Մե­լիք­ճան Զա­ման ա­նուն մըն է, ո­րու բո­լո­րած ու­ղիին ե­ղած ենք ա­կա­նա­տես, ո­րու ան­ցած ճա­նա­պար­հի իւ­րա­քան­չիւր քայ­լա­փո­խին ան ու­նե­ցած է լայն հո­րի­զոն­ներ եւ ի վեր­ջոյ այ­սօր ան մեր ի­րա­կա­նու­թեան մօտ ու­նի իր ներ­կա­յու­թիւ­նը՝ որ­պէս մաս­նա­գէտ ան­հատ, որ ար­դա­րա­ցու­ցած է իր վրայ դրուած յոյ­սե­րը։ Մե­լիք­ճան Զա­ման հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն ծա­նօթ է՝ իբ­րեւ ե­րա­ժիշտ եւ ու­սու­ցիչ, իսկ այս վեր­ջին զրոյ­ցին ժա­մա­նակ ան մե­զի ներ­կա­յա­ցաւ նաեւ ար­դէն որ­պէս ձեռ­նե­րէց։ Ա­րուես­տա­գէ­տի եւ ու­սու­ցի­չի փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը հա­մադ­րե­լով՝ Մե­լիք­ճան Զա­ման այժմ նոր հար­թու­թեան մը վրայ դրած է իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ հիմ­նած՝ «Akademi-Z»ն։ Մեր ա­ռա­ջին տպա­ւո­րու­թիւ­նը այն է, որ իր բո­լո­րած իւ­րա­քան­չիւր հանգ­րուա­նը լաւ ար­ժե­ւո­րած, ա­մուր յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կած եւ այդ բո­լո­րէն վերջ իր մաս­նա­գի­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ նոր ու ա­ւե­լի մեծ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նով մը հան­դէս գա­լու հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը զգա­ցած է Մե­լիք­ճան Զա­ման։ Ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քով հան­դերձ, ան իր ծա­ւա­լած խտա­ցեալ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը այն­պի­սի կէ­տի մը հաս­ցու­ցած է, որ այ­լեւս զգա­ցած է ձգտու­մը՝ ու­րոյն գոր­ծօն մը դառ­նա­լու։ Հե­տե­ւա­բար, մե­զի հա­մար շատ հա­ճե­լի էր ե­րա­ժիշ­տի կամ ու­սու­ցի­չի ա­ռըն­թեր, Մե­լիք­ճան Զա­մա­նի ան­ձին մէջ ող­ջու­նել ձեռ­նե­րէ­ցը։

Մե­լիք­ճան Զա­մա­նի հիմ­նած «Akademi-Z»ն կը գոր­ծէ տա­րե­մու­տէն ի վեր, Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ։ Ընդ ո­րում, կա­ռոյ­ցը կը գտնուի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի ան­մի­ջա­կան շրջա­փա­կին մէջ։ Ան­ցեալ կարճ ժա­մա­նա­կին ըն­թաց­քին այս դպրո­ցին ար­ձա­նագ­րած սկզբնա­կան ար­դիւն­քը ե­ղած է ա­նան­տե­սե­լի, ո­րով­հե­տեւ ար­դէն շուրջ 120 ա­շա­կերտ կը յա­ճա­խէ այն­տեղ։ «Akademi-Z» ա­րուես­տի դա­սըն­թաց մըն է խոր­քին մէջ, սա­կայն հա­մընդգր­կուն ի­մաս­տով։ Ե­րաժշ­տու­թիւն, նկար­չու­թիւն, պար, թատ­րոն, պա­լէ... Այս բո­լոր ճիւ­ղե­րուն ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տանք կը տա­րուի «Akademi-Z»ի մօտ։ Տնօ­րէ­նու­հին է Ֆուն­տա Քը­րան, որ ֆլիւ­թի մաս­նա­գէտ մըն է՝ ա­ւար­տած ըլ­լա­լով Իս­թան­պու­լի Պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցը։ Բե­մա­յին ա­րուեստ­նե­րու գծով խորհր­դա­կա­նի պաշ­տօն ստանձ­նած է Իս­թան­պու­լի Պե­տա­կան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի տնօ­րէն Զա­ֆէր Քա­յաօ­քայ։

«Akademi-Z»էն ներս ծրա­գի­րը կը գոր­ծադ­րուի լսա­րան­նե­րու ձա­ւա­չա­փով, աս­տի­ճան առ աս­տի­ճան։ Փա­փա­քի պա­րա­գա­յին դա­սըն­թաց­նե­րուն կա­րե­լի է հե­տե­ւիլ նաեւ՝ որ­պէս ժա­մանց։ Հաս­տա­տու­թիւ­նը ու­նի պաշ­տօ­նա­կան վկա­յա­կան մը տա­լու կե­րե­լիու­թիւ­նը։ Ան աս­պա­րէ­զա­յին կրթու­թեան կա­ռոյ­ցի մը կար­գա­վի­ճա­կը ու­նի։ Հե­տե­ւա­բար կը ջամ­բէ աս­պա­րէ­զի ու­սում, կու տայ վար­պետ-ու­սու­ցո­ղի վկա­յա­կան մը, ինչ որ ու­սուց­չա­գոր­ծե­լու հե­ռան­կա­րը կ՚ըն­ձե­ռէ շրջա­նա­ւար­տին հա­մար։ Մե­լիք­ճան Զա­ման կը յի­շեց­նէ, որ Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ներ­կա­յիս պատ­րաս­տու­թիւն­ներ կը տես­նէ՝ TEOG-ի քննու­թեան շրջագ­ծով յա­ւե­լեալ նի­շեր սահ­մա­նե­լու հա­մար ա­րուես­տի եւ մար­զան­քի պա­րա­գա­յին, ինչ որ հե­ռան­կա­րա­յին գործ­նա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւն կը կրնայ ըլ­լալ ի­րենց տե­սան­կիւ­նէ­ն։

Մե­լիք­ճան Զա­մա­նի «Akademi-Z»ին մօտ կա­րե­լի է պատ­րաս­տուիլ նաեւ LCM-ի եւ ABRSM-ի քննու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց եր­կու­քին մէջ ալ յա­ջո­ղե­լու պա­րա­գա­յին թեկ­նա­ծուն հա­ւա­տար­մագ­րու­թիւն կը ստա­նայ Եւ­րո­միու­թեան մօտ։ Այս եր­կու­քը նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ անգ­լիա­կան քննու­թեան դրու­թիւն­ներ են, թեկ­նա­ծու­նե­րը կը քննուին Անգ­լիա­յէն գա­լիք մաս­նա­գի­տա­կան խում­բի մը կող­մէ եւ ար­դիւն­քին յա­ջո­ղու­թեան հաս­նե­լու պա­րա­գա­յին՝ թեկ­նա­ծուն կ՚ու­նե­նայ գե­ղա­գի­տա­կան լի­սէա­ւար­տի մը կար­գա­վի­ճա­կը՝ վա­ւե­րա­կան յաչս ԵՄ-ի։

Մե­լիք­ճան Զա­ման ներ­կա­յիս կը դա­սա­խօ­սէ «Քիւլ­թիւր» հա­մալ­սա­րա­նի ե­րաժշ­տա­կան բաժ­նին եւ Իս­թան­պու­լի հա­մալ­սա­րա­նի Ե­րաժշ­տա­նո­ցին մօտ։ Կ՚ու­սուց­չա­գոր­ծէ Ե­շիլ­գիւ­ղի եւ Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ ու կը վա­րէ Սա­յաթ Նո­վա երգ­չա­խում­բը։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ե­րաժշ­տա­կան ղե­կա­վարն է Իս­թան­պու­լի Պե­տա­կան օ­փե­րա­յին։

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016