ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԺԿ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻՆ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Պրիւքսէլի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) գագաթաժողովին։ Հարկ է նշել, որ այդ գագաթաժողովը վարեց ԵԺԿ-ի նախագահ Ժոզէֆ Տոլ։ Մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքէր, ԵՄ-ի կամ անոր Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներէն ԵԺԿ-ի անդամակցող կուսակցութիւնները ներկայացնող պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները։ Օրակարգի վրայ էին տնտեսական խնդիրներ, զարգացման հեռանկարներ, միջազգային արդի մարտահրաւէրները, մանաւանդ Սուրիոյ ճգնաժամը, Եւրոպայէ ներս լուրջ մարտահրաւէրի մը վերածուած գաղթականներու խնդիրները, ԵՄ-ի անդամ պետութիւններու քաղաքական իրավիճակը եւ ԵՄ-ի հարեւանութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ հարցեր։
ԵԺԿ-ի Պրիւքսէլի գագաթաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, իր ելոյթին մէջ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն, որոնք կը զարգանան աշխուժութեամբ։ Ան խօսեցաւ նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բոլոր ուղղութիւններով համագործակցութեան զարգացման ընթացքին, Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած լայնածաւալ բարեփոխումներուն մասին, որոնք Եւրոմիութեան հետ երկրի յարաբերութիւններուն մէջ առանցքային տեղ մը կը զբաղեցնեն։ Սերժ Սարգսեան Պրիւքսէլի մէջ խօսեցաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն եւ անոնց հետեւանքով ոչ միայն եւրոպական երկիրներուն, այլեւ գործընկեր պետութիւններուն ու համայն մարդկութեան համար լրջագոյն մարտահրաւէր մը դարձած գաղթականներու ճգնաժամին շուրջ։
ԵԺԿ-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի Նէա Տեմոքրաթիա կուսակցութեան ղեկավար Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ։ Զրուցակիցները քննարկեցին ԵԺԿ-ի շրջանակներէն ներս միջկուսակցութեան համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ նիւթեր։ Անոնք շօշափեցին նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ շարք մը այլ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Սերժ Սարգսեանի կողմէ վերջին օրերուն Յունաստան կատարուած պաշտօնական այցելութեան եւ այդ շրջանակներէն ներս բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն։
Աւարտելով դէպի Պրիւքսէլ աշխատանքային այցելութիւնը՝ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Երեւան։