ԵՊԲՀ ԿՆՔԵՑ ՆՈՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԵՐ

Հա­յաս­տա­նէն ե­րեք պա­տուի­րակ Մոն­թե­նեկ­րո­յի Փու­տուա քա­ղա­քին մէջ մաս­նակ­ցե­ցան Բժիշկ ու­սա­նող­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին դաշ­նակ­ցու­թեան ա­մէ­նա­մեայ հա­մա­գու­մա­րին: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան հիմ­նադ­րա­մի հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու ծա­ռա­յու­թիւ­նը։

Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սար­դա­կան հիմ­նադ­րամն ու Մխի­թար Հե­րա­ցիի ա­նուան պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նո­ղա­կան խոր­հուր­դը ներ­կա­յաց­նող հա­յաս­տա­նեան պա­տ-ւի­րակ­նե­րը հա­մա­ձայ­նու­թիւն ձեռք բե­րած են քսան­հինգ եր­կիր­նե­րու հետ, որ­պէս­զի բժիշկ ու­սա­նող­նե­րը կա­րե­նան գործ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք ձգել այդ եր­կիր­նե­րուն մէջ:

«Պայ­մա­նագ­րեր կնքած ենք շուրջ քսան­հինգ եր­կիր­նե­րու հետ, որ­պէս­զի ա­մառ­նա­յին փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մեր ու­սա­նող­նե­րը ան­ցը­նեն ար­տերկ­րի մէջ: Մինչ այժմ տաս­նեօթ-տաս­նութ եր­կիր­նե­րու հետ պայ­մա­նագ­րեր ու­նէինք, այժմ ընդ­լայ­նուած է եր­կիր­նե­րուն շրջա­նա­կը», ը­սած է Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի (ԵՊԲՀ) ու­սա­նո­ղա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Ա­լեքս Յով­հան­նի­սեան։

«Կ՚ակն­կա­լուի ստեղ­ծել բժիշկ ու­սա­նող­նե­րուն հա­մար փո­խա­նա­կում­նե­րու նոր հար­թակ, որ պի­տի նպաս­տէ մեր երկ­րի վար­կա­նի­շի բարձ­րաց­ման, նոր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն­նե­րու հար­թակ­ներ պի­տի ստեղ­ծուին հե­տա­գայ ծրագ­րե­րու՝ ո­րա­կա­պէս նոր մա­կար­դա­կով ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար», իր խօս­քե­րը եզ­րա­փա­կած է ան:

Շաբաթ, Մարտ 18, 2017