ՀԱԼԷՊԸ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, սուրիահայութեան երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան յայտնած է, որ Հալէպը քիչ-քիչ կը վերականգնի, զգալի աշխատանքներ տարուած են ենթակառոյցներու բարելաւման ուղղութեամբ, քաղաքի փակ ճամբաները բացուած են:
«Ճամբան փակած քարակոյտերն ու հողակոյտերը վերցնելու աշխատանքները բաւական յառաջ գացած են: Մանաւանդ անոնք, որոնք երկար ատենէ փակ էին: Տուներու պարագային փոքր նորոգութիւններ կատարուած են: Իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ վնասուած տուները կարգի կը բերէ: Շինութիւններու աւելի մեծ վնասները արդէն այլ ծրագիրի մէջ պէտք է ներառուին», յայտնած է Ժիրայր Ռէիսեան:
Տեղւոյն իշխանութիւններուն ջանքերով աշխատանքներ ի գործ դրուած են Կեդրոնական շուկան վերագործարկելու համար, որպէսզի գիւղացիները մեծաքանակ արտադրութիւնը հոն վաճառեն:
«Զգալի աշխատանքներ կատարուած են Հալէպի օդակայանի վերագործարկման ուղղութեամբ: Կարելի է ըսել, որ աշխատանքները վերջնական փուլի մէջ են: Շրջակայքի ապահովութեան առընչութեամբ քայլեր կ՚առնուին», դիտել տուած է ան:
Ջրամատակարարման հարցը դեռ լուծուած չէ: Երեսփոխանին համաձայն, ջրամատակարարումը, դժբախտաբար, բաւական երկար ատենէ ի վեր խնդիր է: Զինեալ խմբաւորումները ուղղակի կեդրոնէն անջատած էին ջուրի մատակարարումը, եւ ջուրը քաղաք չէր մտներ: Բայց բանակը յառաջանալով հասած է այդ շրջանները, մեծ աշխատանքներ տարուած են արդէն, ջուրը կարելի եղած է հասցնել քաղաքին շրջակայքը, կ՚ենթադրուի, որ յառաջիկայ օրերուն սկսի ջրամատակարարումը: Խօսելով ելեկտրականութեան մասին` Ժիրայր Ռէիսեան դիտել տուած է, որ ներկայիս միայն քանի մը ժամ ելեկտրականութիւն կը ստանան:
Ժիրայր Ռէիսեան հաստատած է, որ Հալէպի մէջ հայկական դպրոցները կը գործեն բնականոն ձեւով:
Պատերազմին պատճառով գաղթած սուրիահայերուն մասին խօսելով՝ ան ըսած է, որ արդէն վերադարձողներ կան: «Սուրիահայերու վերադարձ կայ արդէն, կարգ մը ընտանիքներ գործնական քայլերու դիմած են ու վերադարձած: Բնականաբար, յստակ թիւ չեմ կրնար տալ, բայց վերադարձողներ կան: Վերադարձողները թէ՛ Լիբանանէն են եւ թէ արեւմտեան երկիրներէ», եզրափակած է երեսփոխան Ռէիսեան: