ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՀԱԶԱՆԳ ՀՆՉԵՑՆԵԼ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՅԱՏԵԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Ատրպէյճանի մէջ վերջերս տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Նորընտիր խորհրդարանի բացման նիստը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Այս առթիւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ ռազմաշունչ եւ հայատեաց ելոյթ մը ունեցաւ նորընտիր երեսփոխաններուն առջեւ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան վերջին օրերուն անդրադարձաւ Ալիեւի այս յայտարարութիւններուն։ Ան հանդէս եկաւ հետեւեալ մեկնաբանութիւններով.

«Ատրպէյճանի նախագահը նորընտիր խորհրդարանի բացման նիստին հանդէս եկած է ընդարձակ ելոյթով մը, որու մէջ հերթական անգամ տեղ գտած են Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի դէմ ատելութեան խօսքի յստակ դրսեւորում։ Վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու օրինականութեան ցած մակարդակը, քաղաքական եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներ կատարելու անկարողութիւնը Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն քօղարկել ակրեսիւ, անհիմն ու մտացածին պնդումներով, որոնք Հայաստանէ եւ հայ ժողովրդէ բացի կ՚ուղղուին նաեւ եւրոպական երկրներուն, եւրոպական կառոյցներուն, Ատրպէյճանի ընտրութիւններուն հետեւած միջազգային դիտորդական առաքելութեան:

«Յատկապէս մտահոգիչ է, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ իր անհիմն մեղադրանքներուն մէջ խաղարկել կրօնական քարտը՝ մէկ կողմէ եւրոպական երկրները մեղադրելով կրօնական հողի վրայ փախստականներու իրաւունքներու խախտումներուն մէջ, իսկ միւս կողմէ՝ կրօնական համերաշխութեան կոչեր ուղղելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համատեսքին մէջ: Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ պատմական եւ աշխարհագրական նոր «յայտնագործութիւններով» ուղեկցուած հայ ժողովուրդի դէմ թշնամանքի քարոզը արմատապէս կը հակասէ վերջին շրջանին խաղաղութեան համար բարենպաստ միջավայր ձեւաւորելու եւ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղեալ Ատրպէյճանի յանձնառութիւններուն:

«Այս տեսակէտէ պէտք է փաստել, որ Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու առկայ խիստ ցած չափանիշները լրջօրէն կը խոչընդոտեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ գործընթացի յառաջմղումը՝ մասնաւորապէս, այդ գործընթացի շրջանակներէն ներս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը:

«Սեփական օրինականութիւնը հարեւան ժողովուրդի դէմ ատելութեան եւ միջազգային համայնքի դէմ անվստահութեան վրայ կառուցելու Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան փորձերը անպատասխանատու են եւ կրնան վտանգել տարածքաշրջանի խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2020