ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԷ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՀԸ
Քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով երէկ առաջին անգամ հիւանդ մը մահացաւ Թուրքիոյ մէջ։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ «կորսնցուցած է իր մէկ հիւանդը»։ Սա երկրէն ներս արձանագրուած առաջին մահուան դէպքն է։ Ենթական եղած է 89 տարեկան։ Ան վարակուած է չինացիի մը հետ շփուած իր աշխատակիցէն։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարը երէկ Անգարայի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Երբ մարդկութիւնը նման կացութեան մը մատնուած է, ամբողջ աշխարհի հետ սերտ կապեր մշակած Թուրքիան անկարելի է, որ ինքզինքը ամբողջութեամբ զերծ պահէ»։ Քորոնաժահրի վերաբերեալ հետազօտութիւնները շատ բան կը սորվեցնեն։ Նախարարը մասնաւորապէս ընդգծեց, որ վարակումները մեծամասնութեամբ կը պատահին շնչառութեան ճանապարհով։ Իսկ շը-փումները ժահրին կ՚ընձեռեն մեծ հնարաւորութիւն։ Այսինքն, բազմութիւն միջավայրերը մեծ ռիսքեր կը պարունակեն։
Նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ ուշ գիշերին կատարած յայտարարութիւններուն մէջ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ վարակուածներու թիւը հասած է 98-ի։ Ըստ իրեն, եւրոպական երկիրներու մէջ սահմանները փակուած են եւ այսպէսով ռիսքերը կան-խըւած։ Թուրքիոյ պարագային Եւրոպայէ եւ դէպի Սէուտական Արաբիա ուխտագնացութենէ քաղաքացիներու վերադարձը կը շարունակուի։ Անոնք, որոնք երկիր կը վերադառնան, անմիջապէս քննութենէ կ՚անցըուին։
«Բոլորին կոչ կ՚ուղղեմ, որպէսզի լիարժէք ձեւով հնազանդին նախազգուշական միջոցներուն։ Օրերը այսպէս պիտի չշարունակուին, մեր կեանքը յարմարեցնենք այս պայմաններուն, մէկուկէս-երկու ամիս դիմադրենք», յայտնեց Ֆահրետտին Քոճա։