ԿԱՐԵՒՈՐ ՏԵՍԱՔՈՆՖԵՐԱՆՍ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեսաքոնֆերանս մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի, Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսընի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ։ Իրականութեան մէջ Էրտողան այս երեք ղեկավարները պիտի հիւրընկալէր Չանքայայի ապարանքէն ներս։ Բայց եւ այնպէս, քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով Անգարայի մէջ նախատեսուած այս քառակողմանի ժողովի ձեւաչափը փոխուեցաւ։ Չորս ղեկավարները առցանց խորհրդաժողով մը իրականացուցին՝ քննարկելով իրենց օրակարգի հարցերը։
Նախագահ Էրտողան այս տեսաքոնֆերանսը իրականացուց Իսթանպուլէն՝ իր կողքին ունենալով Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը, Ելմտական ու գանձի նախարար Պերաթ Ալպայրաքը, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուն, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտանը, ԱՔ կուսակցութեան բանբեր Էօմէր Չելիքը, Հանրապետութեան նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալընը, Հաղորդակցութեան բաժնի տնօրէն Ֆահրետտին Ալթունը, Թուային փոխակերպումներու գրասենեակի ղեկավար Ալի Թահա Քոչը եւ այլ պաշտօնատարներ։
Չորս ղեկավարները առցանց խորհրդաժողովի ընթացքին առաջին հերթին անդրադարձան քորոնաժահրի համաճարակին։ Անոնք կանգ առին համատեղ պայքարի հնարաւորութիւններուն վրայ, նաեւ արժեւորեցին հաւանական հետեւանքները՝ տնտեսութեան եւ համաշխարհային առեւտուրի տեսակէտէ։
Սուրիոյ եւ Լիպիոյ իրադարձութիւնները եւս երէկ-ւան քննարկումներու օրակարգին վրայ էին։ Էրտողան տեղեկութիւններ փոխանցեց Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ գոյացած հրադադարի համաձայնութեան շուրջ։ Մարդասիրական տագնապի լուծման ճանապարհներուն եւ Իտլիպի կացութեան մանրամասնութիւններուն շուրջ խօսեցաւ Հանրապետութեան նախագահը, որ կարեւորութեամբ կանգ առաւ նաեւ ապաստանեալներու կացութեան վրայ։ Այս ուղղութեամբ նախատեսուած փոխադարձ քայլերը հերթական անգամ աչքէ անցըուեցան։ Նոյն ծիրին մէջ շօշափուեցաւ Թուրքիոյ՝ սահմանները բանալու որոշումը եւ դէպի Եւրոպա գաղթականաց հոսքին հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնը։
Սուրիոյ հիւսիսին ծրագրուած անվտանգ գօտիի համար առնուելիք քայլերը, գաղթականաց համար կատարուելիք օժանդակութիւնները եւ կառուցումը նախատեսուած բնակարաններն ալ առարկայ դարձան չորս ղեկավարներու քննարկման։
Բացի այս բոլորէն, Լիպիայի իրադարձութիւնները, նաեւ Եւրոմիութեան կացութիւնն ու Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններն ալ եկան օրակարգի վրայ։
Նախագահ Էրտողան այս տեսաքոնֆերանսէն վերջ ընկերային ցանցերու միջոցաւ փոխանցեց ամփոփ տեղեկութիւններ։ Ըստ իրեն, ծաւալուն քննարկումներ տեղի ունեցան։ Իտլիպի առկայ կացութեան առանցքին շուրջ անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ տագնապի լուծման հեռանկարներուն, ապաստանեալներու խնդիրներուն, Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն շուրջ։ Նախագահը ուշադրութիւն հրաւիրեց տարածքաշրջանային եւ համաշխարհային առկայ բարդ գործընթացին վրայ։ Ուստի, դիւանագիտութիւնն ու համագործակցութեան դրութիւնները շատ աւելի աշխոյժ ձեւով պիտի բանեցուին եւ վճռակամ աշխատանքներ պիտի կատարուին՝ առկայ խնդիրները ժամ առաջ լուծելու ուղղութեամբ։