ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱՅՔԱՐԸ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻՆ ԴԷՄ

Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած արտակարգ դրութեան կացութեան ներքեւ առօրեան կ՚ապրուի Հայաստանի մէջ։ Փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ պարետատան առաջին ժողովը։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը եւ ամբողջ պետական համակարգը շարժման անցած են համաճարակի դէմ պայքարելու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի մէջ վարակուածներու թիւը հասած է 84-ի։ Իշխանութիւններու կարգադրութեամբ փակուած են երկրի ցամաքային սահմանները։ Յամենայնդէպս Երեւանի եւ Թիֆլիզի կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է եւ այս հիման վրայ Հայաստան-Վրաստան բեռնափոխադրումները կ՚իրականացուին անխափան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ Վրաստանի տարածքով Հայաստանի քաղաքացիներու եւ բեռնատարներու տեղաշարժի սահմանափակումներուն շուրջ։ Ան խորհուրդ տուաւ, որ ճամբորդելու ստիպողութիւն ունեցողները նախընտրեն օդային ճանապարհը։

Միւս կողմէ, քորոնաժահրի համաճարակի եւ զուգահեռաբար հաստատուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն ներքեւ Հայաստանի մէջ յետաձգուած է ապրիլի 5-ին նախատեսուած՝ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն։ Այս մասին արդէն յայտարարութիւն մը ըրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Իսկ վարչապետի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան երէկ հրապարակաւ երախտագիտութիւն յայտնեց երկրի բժիշկներուն՝ առկայ համաճարակի պայմաններուն ներքեւ կատարուած ահռելի աշխատանքին համար։

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Հայաստանի մէջ քորոնաժահրով վարակուած առաջին հիւանդը արդէն առողջացած է ու կը պատրաստուի հիւանդանոցէն դուրս գալու։ Ան Հայաստան մեկնած էր Իրանէն։ Ենթական 14 օր հիւանդանոցի մէջ մնացած է, որեւէ բուժում չէ ստացած, որեւէ դեղ չէ խմած։ Միմիայն 14 օր մնացած է մեկուսացուած եւ բուժուած է առանձին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2020