ԲԱՐԴ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Մոսկուայի միջնորդութեամբ հաստատուած հրադադարէն վերջ Երեւան եւ Պաքու կրնան երկխօսութեան մէջ մտնել։ «Այսօր մարդիկ դադրած են զիրար սպաննելէ, ես կը կարծեմ՝ եկած է ժամանակը, որպէսզի Հայաստան եւ Ատրպէյճան սկսին երկկողմանի շփումներ հաստատել, իրարու հետ խօսիլ», ըսաւ Սերկէյ Շոյկու։

Ղազախիստանի գործակալութիւններէն մէկուն տուած հարցազրոյցին մէջ Սերկէյ Շոյկու նշեց, որ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններ կառուցելը շատ դժուար, բայց, միեւնոյն ժամանակ, արդիւնաւէտ աշխատանք մըն է։ Ըստ իրեն, Անգարա եւ Մոսկուա կը յաջողին փոխադարձ զիջումներ գտնել նոյնիսկ այնտեղ, ուր այդ բանը կը թուի անկարելի ըլլալ. օրինակ՝ Սուրիոյ մէջ։ Ան խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս թուրք-ռուսական համագործակցութեան մասին։ «Սա շատ բարդ գործողութիւն մըն է։ Ես այդպէս կ՚ուզէի անուանել այդ մէկը ու ոչ այլ կերպ։ Քանի որ այդ ուղղութեամբ գործի դրուած են հսկայական քանակութեամբ փաստարկներ, տարրեր ու դրդապատճառներ», ըսաւ Շոյկու։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՊԱՅՐԱՄՈՎ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստան ապակառուցողական դիրքորոշում մը որդեգրած է եւ ամբողջութեամբ չի կատարեր հրադադարի համաձայնութեան դրոյթները։ Ըստ իրեն, Հայաստան պարտաւորուած է դուրս հանել բոլոր զինեալ խմբաւորումները Ատրպէյճանի տարածքէն։ Հայկական կողմը պարտաւոր է այլեւս զինուորականներ չուղարկել Ատրպէյճանի տարածք, ինչ որ կը սպառնայ կայունութեան եւ վտանգ կը ստեղծէ տարածքաշրջանին համար։ Բաց աստի, Երեւան առ այսօր չէ փոխանցած Ատրպէյճանէ ներս տարածքներու ականապատման քարտէսները։ «Միջազգային համայնքը եւ միջազգային կազմակերպութիւնները պէտք չէ լռեն։ Անհրաժեշտ է ճնշում գործադրել Հայաստանի վրայ ու պարտադրել, որ աւելի շինիչ դիրքորոշում մը որդեգրէ», ըսաւ Պայրամով։

ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի առեւտրատնտեսական համագործակցութեան արդի հարցերը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանակներէն ներս համատեղ աշխատանքին։

Հարկ է նշել, որ այս երկու փոխ-վարչապետները ընդգրկուած են նաեւ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի ձեւաչափով՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարէն վերջ ստեղծուած աշխատանքային խումբին մէջ։

Միւս կողմէ, ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը պայմանագիր մը կնքեց Ատրպէյճանի «ՍՈՔԱՐ» ընկերութեան հետ։ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, փաստաթուղթը կը վերաբերի Ատրպէյճանի տարածքով ռուսական կազի փոխադրութեան։ «Կազփրոմ»ի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հիւսիսային Կովկաս-Անդրկովկաս կազամուղ խողովակաշարը վերանորոգման մէջ է։ Այդ մէկը կը միացնէ Ռուսաստանը, Վրաստանը եւ Հայաստանը։ Վերանորոգութեան աշխատանքներու տեւողութեան «Կազփրոմ» դէպի Հայաստան մատակարարած բնական կազը ժամանակաւորապէս պիտի փոխադրէ Ատրպէյճանի տարածքով։ Նոյն ընկերութեան աղբիւրները կ՚ենթադրեն, որ վերանորոգման աշխատանքները տեւեն երեք շաբաթ։ Աւարտին ռուսական կազը դարձեալ Հայաստան պիտի հասնի նախկին տարբերակով՝ Վրաստանի վրայով։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021