ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Կիւմրիի մէջ բնակարանաշինութեան ծրագրի մը հետամուտ եղած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մարտի 19-ին պաշտօնապէս մեկնարկած այս ծրագրի վերջնաժամկէտը յառաջիկայ օգոստոսն է։

Հիմնադրամի միջոցներով պիտի կառուցուի երկու բազմաբնակարան շէնք՝ իւրաքանչիւրը 18 յարկաբաժին։ Բնակելի շէնքերու տանիքներուն պիտի գտնուին արուեստանոց-արհեստանոցներ։ Տարածքը պիտի ընդգրկէ նաեւ մանկապարտէզ մը։ Շէնքերը ապահովուած պիտի ըլլան արեւային համակարգերով։

Բնակարանները ընկերային բնոյթ ունին։ Ներկայիս ընթացքի մէջ են տարածքի երկրաբաշխական աշխատանքները։ Շահառուներու ընտրութիւնը պիտի կատարուի կառուցապատման զուգահեռ՝ արդէն իսկ հիմնադրամ կատարուած հարիւրաւոր դիմումներու հիման վրայ։

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021