ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆ

Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին մէջ Հայաստան ամիսներէ ի վեր կը ցնցուի ներքին քաղաքական տագնապով։ Ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակին մէջ այս առաւօտ հերթական գայթակղութեան վերաբերեալ լուրեր հասան Երեւանէն։ Անվերջ քաղաքական տագնապի առանցքային հանգամանքներէն մին էր Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի վիճելի պաշտօնազրկումը՝ բանակին կողմէ կառավարութեան հրաժարականի պահանջով կատարուած յայտարարութենէն վերջ։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան չէր վաւերացուցած՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համապատասխան հրամանագիրը։ Իրադարձութիւնները այնպէս մը շարունակուած էին, որ կառավարութիւնը իրաւունքի ուժով պաշտօնազրկուած համարած էր Օննիկ Գասպարեանը։ Իսկ այս վերջինը սոյն կարգադրութեան կապակցութեամբ դիմած էր Վարչական ատեան։

Հայաստանի Վարչական ատեանը այս առաւօտ միջանկեալ վճիռ մը արձակեց զօրավար Օննիկ Գասպարեանի դիմումին կապակցութեամբ։ Ըստ դատաւոր Մհեր Պետրոսեանի, բաւարարուած է Օննիկ Գասպարեանի միջնորդութիւնը՝ իր պաշտօնազրկման իրաւայարաբերութեան բացակայութեան ճանաչման պահանջին ուղղութեամբ հայցի ապահովման վերաբերեալ։ Այսպէս, ըստ դատավճռին, Օննիկ Գասպարեան ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ կը մնայ՝ մինչեւ դատավարութեան աւարտը։ Զուգահեռաբար՝ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ զօրավար Օննիկ Գասպարեան արդէն իր աշխատասենեակին մէջ է։ Հարկ է յիշեցնել, որ կառավարութիւնը նոր ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ նշանակած էր զօրավար Արտակ Դաւթեանը, սակայն համապատասխան հրամանագիրը չէր վաւերացուած Հանրապետութեան նախագահին կողմէ։

Այս բոլորէն վերջ Հայաստանի կառավարութեան արձագանգը եղաւ շատ հետաքրքրական եւ ուշագրաւ։ Արդարեւ, կառավարութիւնը ընդդիմացաւ արձակուած դատավճռին դէմ։ Վարչապետի գրասենեակը տեղեկացուց, որ Օննիկ Գասպարեան սահմանադրական չափանիշի մը հիմքով՝ իրաւունքի ուժով պաշտօնազրկուած է, իսկ նոր ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի նշանակման գործընթացը կը շարունակուի։ Սա արդէն նոր գլուխ մըն է Հայաստանէ ներս յառաջացած քաոսի ամբողջին մէջ։ Կառավարութեան կողմէ հրապարակուած այս դիրքորոշումը բուռն քննադատութեան առարկայ կը դարձուի ընդդիմութեան կողմէ։

Միւս կողմէ, այսօր Երեւանի մէջ նախատեսուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութենէն «Բարգաւաճ Հայաստան»ի կուսակցապետ Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը։ Ծառուկեան անցեալ շաբաթավերջին յայտարարած էր, որ վարչապետը պէտք է հրաժարական տայ ու պէտք է տեղի ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։  

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021