ՀՏՓ-Ի ԴԷՄ ՄԵՂԱԴՐԱԿԱՆ

Վճռաբեկ ատեանի Հանրապետութան աւագ դատախազութիւնը ՀՏՓ-ի դէմ դիմեց Սահմանադրական ատեան։ Այս դատական նախաձեռնութեամբ կը պահանջուի յիշեալ կուսակցութեան փակուիլը։

Աւագ դատախազ Պեքիր Շահինի կողմէ պատրաստուած է մեղադրական մը, որու մէջ նշուած է, որ ՀՏՓ-ականներու յայտարարութիւններն ու գործունէութիւնները խոտոր կը համեմատին ժողովրդավարութեան եւ համամարդկային իրաւունքին։ Կուսակցութեան ղեկավարներն ու անդամները համատեղ կը վարուին ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ ու կը ձգտին խանգարել պետութեան, երկրի եւ ազգի անանջատելի ամբողջականութիւնը։

Այս դատական դիմումին հիման վրայ Սահմանադրական ատեանը պաշտօնի պիտի կոչէ զեկուցող մը։ Եթէ այդ զեկուցողին կողմէ պատրաստուելիք տեղեկագրին համաձայն Բարձրագոյն դատարանը հաւանութիւն տայ մեղադրականին, ապա ՀՏՓ պաշտպանութիւն պիտի կատարէ։ 15 անդամներէ բաղկացեալ Բարձրագոյն դատարանը վճիռները կ՚արձակէ անոնց երկու երրորդի մեծամասնութեամբ։

Սահմանադրական ատեանը կրնայ որոշել ՀՏՓ-ն փակել, դադրեցնել անոր տրուած պետական օժանդակութիւնը, կրնայ կուսակցականներուն համար քաղաքական գործունէութեամբ զբաղելու արգելք հաստատել եւ կամ կրնայ դատը մերժել։

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021