ՄԵՏՐԱՊՈԼԻՏԻ ՀԵՌԱՑՈՒՄ

Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանէն ներս վերջին շրջանին տեղի ունեցած են զգայացունց իրադարձութիւններ, որոնք արձագանգ գտած են նաեւ տեղական մամուլին մօտ։ Այսպէս, Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը պաշտօնազրկած է Քաղկեդոնի Աթանասիոս մետրապոլիտը։ Ս. Սինոդի որոշումով կատարուած այս տնօրինութեան պատճառ դարձած է մետրապոլիտ Աթանասիոսի անհնազանդութիւնը։ Արդարեւ, որոշ հարցերու վերաբերեալ ենթական նկատի չէ առած Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին կողմէ կատարուած զգուշացումները։

Այս բոլորէն վերջ Քաղկեդոնի նոր մետրապոլիտ նշանակուած է Էմմանուէլ, որ 68 տարեկան է եւ մինչ այդ կը պաշտօնավարէր որպէս Ֆրանսայի մետրապոլիտ։

Նորանշանակ մետրապոլիտի պաշտօնակալման առթիւ այս շաբաթավերջին Ֆէնէրի Պատրիարքարանի Ս. Գէորգ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է մասնաւոր արարողութիւն մը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ Յունաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կոնստանդինոս Վլասիս եւ Աթէնքի քաղաքապետ Քոսթաս Պաքոյանիս։ Այս վերջինը Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի քեռորդին է։

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021