«ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ»ՈՒ ԱԿԱԴԵՄԻԱ
Բիւրականի մէջ վերջերս հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Հեռանկարներ» միջազգային երաժշտական փառատօնի ակադեմիան։ Այս աննախընթաց կառոյցը միակն է տարածքաշրջանէն ներս ու կոչուած՝ ծառայելու որպէս միջազգային դասի մենակատարներ պատրաստող երաժշտական կրթօճախ, ուր մեր օրերու ամենապահանջուած երաժիշտները եւ մշակոյթի ոլորտի ազդեցիկ գործիչները պիտի տան վարպետութեան դասեր եւ հանդէս պիտի գան համերգներով՝ պայմաններ ստեղծելով հայ տաղանդաշատ ու հեռանկարային երիտասարդ երաժիշտներու միջազգային յառաջխաղացման համար։ Այս ակադեմիոյ հիմնադիր-նախագահն է Փրոֆ. Ստեփան Ռոստոմեան։
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան եւ այլ պաշտօնատարներ։