ԶԻՋՈՒՄ ՉԿԱՅ…
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ դարձեալ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Եւրոխորհրդարանի կողմէ հայկական հարցին շուրջ ընդունուած վերջին որոշման լոյսին տակ։ Անգարայի ղեկավարութեան բուռն հակազդեցութիւնը կը շարունակուի թէ՛ Եւրոխորհրդարանին եւ թէ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին դէմ, որոնք վերջին օրերուն հայկական հարցին կապակցութեամբ հանդէս եկան այնպիսի յայտարարութիւններով, որոնք կը ցոլացնեն հայկական կողմին մօտեցումները։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Վարչապետ Տավուտօղլու 1915 թուականի դէպքերուն կապակցութեամբ Եւրոխորհրդարանի կողմէ առնուած որոշումը քննադատելով՝ յայտնեց, որ սա վերջին շրջանին Եւրոպայի մէջ վերելքի անցած հակաիսլամական եւ հակաթրքական տրամադրութիւնները կրնայ գրգռել։ Ըստ Տավուտօղլուի, դժբախտաբար, 1915 թուականի դէպքերու 100-րդ տարելիցին անկապակից անձերու եւ հաստատութիւններու կողմէ կը կատարուին յայտարարութիւններ՝ շահարկումներու ծայր աստիճան բաց ձեւով։ Միեւնոյն ժամանակ, Տավուտօղլու ընդգծեց, թէ կրօնական իշխանութիւններու պարտականութիւնն է խրախուսել միջազգային եւ հասարակական խաղաղութիւնը։ Պատմութեան մէջ մնացած հարցերուն բերումով ատելութեամբ եւ խումբի մը դէմ դիրքորոշումով հանդէս գալը անընդունելի մօտեցում մըն է։
Տավուտօղլուի խօսքերով, Եւրոխորհրդարանը այնպիսի կառոյց մը ունի, որ որոշումները կ՚ընդունուին շատ անլուրջ ձեւով։ 750 հոգիէ բաղկացեալ այս խորհրդարանին մօտ կան բազմաթիւ լուսանցքային խումբեր եւ որոշումները կրնան ընդունուիլ նուազագոյն մասնակցութեամբ։ Վարչապետը յայտնեց, թէ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին ընթացքին եւս արտայայտած էր շարք մը միտքեր։ Այսպէս, եթէ պիտի բացուի Եւրոպայի պատմութիւնը, ապա պէտք է խօսիլ նաեւ Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Աւստրալիոյ մէջ գաղութայնացման զուգահեռ կատարուածները։ Տավուտօղլու թուարկեց նաեւ բազմաթիւ կորստեան մատնուած խումբեր եւ խմբաւորումներ։ Թէ ի՞նչպէս անհետացան անոնք, ի՞նչպէս ջնջուեցան պատմութենէն։ «Եթէ այս բոլորը պիտի քննարկենք մտաւորական տեսանկիւնէ, ապա կը քննարկենք, սակայն եթէ վերածեն քաղաքական ճնշումի մը միջոցը, ապա երբեք չենք զիջիր։ Ես իրեն ալ ըսի այս բոլորը», ըսաւ Տավուտօղլու։
Միեւնոյն ժամանակ Ահմէտ Տավուտօղլու ընդգծեց, որ խնդիրը այլեւս Թուրքիա-Հայաստան կամ թուրք-հայ հարց մը ըլլալը գերազանցած է։ Սա Եւրոպայի մէջ ցեղապաշտութեան նոր դրսեւորում մըն է։ Վարչապետը մատնանշեց, որ բոլոր հանգրուաններուն պիտի բաժնեն 1915 թուականի դէպքերուն վերաբերեալ ցաւերը։ Թուրքերն ու հայերը հազար տարի ապրած են հասարակաց քաղաքներու եւ թաղամասերու մէջ։ Ըստ իրեն, ի տարբերութիւն Եւրոպայէն մեր մօտ գոյութիւն չեն ունեցած կեթթոներ, որոնց կը յաջորդեն ցեղասպանութիւններ։ «Մեր մօտ կեթթոներ չեղան, պատերազմական պայմաններու ներքեւ ապրուած արտակարգ ցաւեր եղան», ըսաւ Տավուտօղլու։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը հետզհետէ աւելի առանձին կը մնայ ժխտողականութեան խորտակուող նաւուն վրայ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ան ըսաւ. «Ինչպէս կ՚ըսուի Եւրոխորհրդարանի բանաձեւին մէջ՝ առանց ճշմարտութեան հնարաւոր չէ հասնիլ հաշտեցման եւ կ՚աւելցնէի՝ միջազգային հանրութեան հետ»։
Նոյն հարցազրոյցին մէջ Եդուարդ Նալպանտեան յայտնեց, որ ակնյայտ է, թէ ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը որեւէ հեռանկար չունի։ Ըստ իրեն, Թուրքիա կը փորձէ ճնշումներ գործադրել միջազգային կառոյցներու, բազմաթիւ երկիրներու վրայ։ «Բայց եւ այնպէս, դժուար թէ այս հարցին մէջ յաջողութիւն ունենայ, մի գուցէ յաջողի միայն այն երկիրներուն մէջ, ուր չեն յարգուիր մարդու իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները եւ ուր խարխուլ է ժողովրդավարութիւնը», ըսաւ Նալպանտեան։