ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՈՐԴՒՈՅՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Աշ­խար­հահռ­չակ ե­րա­ժիշտ Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի որ­դին՝ Կա­րէն Խա­չատուրեան այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան։ Կա­րէն Խա­չա­տու­րեան այս առ­թիւ այ­ցե­լեց Կո­մի­տա­սի նո­րա­հաս­տատ թան­գա­րան-կա­ճա­ռը։ Հա­մա­լի­րէն ներս շրջայց մը կա­տա­րե­լով ան տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց թան­գա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն կող­մէ։ Իր հետ էր նաեւ յայտ­նի ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծիչ մը՝ Ար­մէն Սմբա­տեան, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Հա­յաս­տա­նի դես­պանն էր Մոս­կուա­յի մօտ։

Կա­րէն Խա­չա­տու­րեան Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015