ՎԻԹԽԱՐԻ ՀԱՄԱԼԻՐ
Երեւանի արուարձաններէն Աւանի մէջ կը կառուցուի ուսումնամարզական վիթխարի համալիր մը։ Այս նոր կեդրոնին շինարարութիւնը պիտի իրականացուի «Կազփրոմ» ռուսական ընկերութեան միջոցներով։ Նախընթաց օր տեղի ունեցած հիմնարկէքի արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, «Կազփրոմ»ի վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլէր եւ «Կազփրոմ-Արմենիա»ի նախագահ ու ընդհանուր քարտուղար Վարդան Յարութիւնեան։
«Կազփրոմը՝ երախաներուն» ծրագրի շրջանակներէն ներս կ՚իրականացուի այս շինարարութիւնը, որու պիւտճէն կը կազմէ 49.3 միլիոն ամերիկեան տոլար։ Շուրջ 32 հազար քառակուսի մեթր մակերեսով համալիրէն ներս պիտի գործեն մանկապարտէզ, դպրոց, լողաւազան, սահադաշտ, ֆութպոլի դաշտ, ինչպէս նաեւ մարզասրահներ եւ պարասրահ։ Ըստ մշակուած նախագծին, ուսումնամարզական համալիրը օրական շուրջ երկու հազար հոգի պիտի կարենայ ընդունիլ։ Աշխատանքներու աւարտին, այս նախագիծը միեւնոյն ժամանակ 230 նոր աշխատատեղիի առիթ պիտի հանդիսանայ։