ԱՆՀԵՐՔԵԼԻ ԱՊԱՑՈՅՑՆԵՐ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կրա­կոց­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ա­նընդ­հատ, հա­կա­ռակ կրա­կի դադ­րեց­ման վե­րա­բե­րեալ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թեան։ Հայ­կա­կան կող­մը ա­մէն օր հա­ղոր­դում­ներ կը կա­տա­րէ նոր մի­ջա­դէ­պե­րու մա­սին, ո­րոնք պատ­ճառ կը դառ­նան զո­հե­րու կամ վի­րա­ւո­րում­նե­րու։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւնն ալ ան­հեր­քե­լի ա­պա­ցոյց­նե­րով կը փոր­ձէ լու­սա­բա­նել մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը։ Շա­բա­թա­վեր­ջին Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղով մը, ո­րուն հրա­ւի­րուած էին Ե­րե­ւա­նի օ­տա­րերկ­րեայ դես­պա­նա­տու­նե­րու ռազ­մա­կան կցորդ­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան Ա. փոխ-նա­խա­րար Դա­ւիթ Տօ­նո­յեան այս առ­թիւ ռազ­մա­կան կցորդ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծի ի­րա­վի­ճա­կը։ Հա­մա­ռօտ այդ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր ընդգ­ծուե­ցաւ, թէ կրա­կի դադ­րեց­ման շուրջ ձեռք բե­րուած բա­նա­ւոր պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու խախ­տում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով հայ­կա­կան կող­մը ու­նե­ցած է զո­հեր։

Բաց աս­տի, Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ռազ­մա­կան կցորդ­նե­րուն եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան նկա­տառ­ման յանձ­նած է Ապ­րի­լի 1-2-ի գի­շե­րուան Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րուն ժա­մա­նակ խո­ցուած ատր­պէյ­ճա­նա­կան մար­տա­կան ուղ­ղա­թի­ռի անձ­նա­կազ­մին փաս­տա­թուղ­թե­րը։ Այդ բո­լո­րը կ՚ա­պա­ցու­ցա­նեն, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը նա­խա­պէս մշա­կած էր լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թեան մը ծրա­գի­րը։ Մար­տա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րը կը  հիմ­նա­ւո­րեն, որ տուեալ ուղ­ղա­թի­ռը ստո­րա­բա­ժան­ման իր կազ­մով Մարտ ամ­սուան վեր­ջին օ­րե­րուն Պա­քուի շրջա­նէն փո­խադ­րուած է ա­ռաջ­նա­գիծ եւ ու­նե­ցած է յստակ թի­րախ­ներ, ո­րոնք պի­տի ոչն­չաց­նէր մար­տա­կան այդ թռիչք­նե­րուն ժա­մա­նակ։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Դա­ւիթ Տօ­նո­յեան պա­տաս­խա­նած է նաեւ ռազ­մա­կան կցորդ­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։

Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան ընդգ­ծեց, թէ ըստ էու­թեան սա վերջ­նա­կան ա­պա­ցոյցն է, որ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կան­խաւ մշա­կուած է լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեան ծրա­գիր մը եւ այդ մէ­կը չէ ե­ղած փոքր ծա­ւա­լով։

Հարկ է նշել, որ ռազ­մա­կան կցորդ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուած տուեալ­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին տրա­մադ­րուե­ցան նաեւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։

Առ­կայ մտա­հո­գիչ մթնո­լոր­տին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­ներն ալ կը շա­րու­նա­կեն ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ պա­հել ղա­րա­բա­ղեան հար­ցը։ Վեր­ջին օ­րե­րուն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով հիմ­նախնդ­րին անդ­րա­դար­ձան հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին։

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէրի Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Կիւնթէր Պեխլէր այս առաւօտ շփումներու ձեռնարկեց Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016