ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԻՐԱՆ ԿՈՂՄՆԱԿԻՑ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ԻՐԱՔԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի, որ Իս­լա­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան 13-րդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար այ­ցե­լեց Թուր­քիա, շա­բա­թա­վեր­ջին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հետ։ Էր­տո­ղան այս առ­թիւ ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիա եւ Ի­րան հա­մա­կար­ծիք են Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան շուրջ։ Ըստ ի­րեն, որ­քան որ ալ Ան­գա­րա­յի եւ Թեհ­րա­նի մի­ջեւ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն ու­նե­նան, ա­պա ա­նոնց նուա­զա­գոյ­նի հաս­ցուի­լը ձեռն­տու է նախ եւ ա­ռաջ կող­մե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Իր կար­գին, Ռու­հա­նին ալ շեշ­տեց, որ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս պէտք է կա­սե­ցուին պա­տե­րազմ­ներն ու մա­հե­րը։

«Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Տա­վու­տօղ­լուի եւ Ռու­հա­նիի հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցաւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րը։ Զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձան նաեւ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման՝ Ի­րա­նի դէմ սահ­մա­նուած մի­ջազ­գա­յին պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու դադ­րեց­ման լոյ­սին տակ։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016