ՆԵՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋ

Կա­լա­թա­սա­րա­յի «Ճե­զա­յիր» հա­մա­լի­րին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ա­սու­լիս-քննար­կում մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ֆո­րում»ին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Այս ձեռ­նար­կին կար­գա­խօսն էր ճա­նաչ­ման ու նե­րո­ղու­թեան պա­հան­ջը։ Ե­րեք նիս­տե­րէ կը բաղ­կա­նար հա­ւա­քոյ­թին ծրա­գի­րը։

Ա­ռա­ջին նիս­տին ըն­թաց­քին լու­սար­ձա­կի տակ բե­րուե­ցաւ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թե­նէն վերջ հա­յոց կող­մէ մղուած պայ­քա­րը։ Ա­տե­նա­խօս­ներն էին Ֆեր­հատ Պա­քըր­ճըօղ­լու, Ի­տիլ Իւ­կիւթ եւ Ստե­փան Եփ­րե­մեան։ Երկ­րորդ նիս­տին նիւթն էր ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցումն ու պաշ­տօ­նա­կան պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րը։ Ա­տե­նա­խօս­ներն էին՝ Ա­թիլ­լա Տի­րիմ, Ա­րուս Եու­մուլ, Պիւ­լենտ Պիլ­մէզ եւ Իր­վին Ճե­միլ Շիք։ Եր­րորդ նիս­տի ըն­թաց­քին քննարկ­ման նիւթ դար­ձաւ Թուր­քիոյ մէջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ուղ­ղու­թեամբ տա­րուած պայ­քա­րը։ Ա­տե­նա­խօս­ներն էին՝ Բագ­րատ Էս­դու­գեան, Նո­րայր Օլ­կար, Իւ­միտ Քը­վանչ, Ու­ֆուք Ու­րաս եւ Շե­նոլ Քա­րա­քաշ։  

Ապ­րի­լի 24-ին ըն­դա­ռաջ կեան­քի կո­չուած այս ծրագ­րին զօ­րակ­ցած էր նաեւ «DurDe!»ն, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կը կազ­մա­կեր­պէ ո­գե­կո­չում­նե­րը։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016