ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ ԵՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԻՏԻԼԼԻ ԿՂԶԻ

Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը եւ Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Ուղ­ղա­փա­ռաց Տիե­զե­րա­կան Պատ­րիար­քը շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լե­ցին Յու­նաս­տա­նի Ե­գէա­կան ծո­վու Մի­տիլ­լի կղզին։ Եր­կու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը Վա­տի­կա­նէն եւ Իս­թան­պու­լէն Մի­տիլ­լի ու­ղե­ւո­րուե­ցան՝ աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րե­լու հա­մար գաղ­թա­կա­նաց հար­ցին վրայ։ Ա­նոնք ի­րենց հո­գա­ծու­թիւ­նը եւ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տե­ցին ի նպաստ այն գաղ­թա­կան­նե­րուն, ո­րոնք Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մէն խոյս տա­լով կը ջա­նան հաս­նիլ դէ­պի Եւ­րո­պա։ Սրբա­զան Պա­պը եւ Յու­նաց Պատ­րիար­քը այս առ­թիւ հան­դէս ե­կան նաեւ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը, ո­րու բո­վան­դա­կու­թեան մէջ ընդգ­ծուե­ցաւ, թէ հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը խի­զա­խու­թեամբ պէտք է մօ­տե­նայ գաղ­թա­կա­նաց հար­ցին ու պէտք է ճանչ­նայ գաղ­թա­կա­նաց ի­րա­ւունք­նե­րը։ Նոյն առ­թիւ ա­նոնք կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի ջան­քեր գոր­ծադ­րուին՝ վերջ տա­լու հա­մար պա­տե­րազմ­նե­րուն։

Մի­տիլ­լի մէջ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Պար­թո­լո­մէոս Ա. Պատ­րիարք նշեց, որ սահ­ման­նե­րը փա­կե­լու ուղ­ղեալ խիստ դիր­քո­րո­շում­նե­րը ցաւ պատ­ճա­ռած է ի­րենց։ «Ա­նոնք, ո­րոնք կը վախ­նան ձեզ­մէ, չեն կրնար նա­յիլ ձեր աչ­քե­րուն մէջ։ Դուք խոյս տուիք պա­տե­րազ­մէն ու սո­վէն։ Ե­գէա­կանն ու Մի­ջերկ­րա­կա­նը դար­ձան ձեր ազ­գա­կան­նե­րուն գե­րեզ­մա­նը։ Ձեզ եր­բեք պի­տի չմոռ­նանք», ը­սաւ ան։

Իր կար­գին, Սրբա­զան Պա­պը իր օ­դա­նա­ւը առ­նե­լով Վա­տի­կան տա­րաւ տաս­ներ­կու սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016