ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Լի­բա­նա­նի մաս­նա­ճիւ­ղին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս Պէյ­րու­թի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ֆրան­սե­րէն լե­զուով հե­տաքրք­րա­կան դա­սա­խօ­սու­թիւն մը։ Լի­բա­նա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կին իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րած էր նաեւ Պէյ­րու­թի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւ­նը։ «Հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը Լի­բա­նա­նի մէջ. ինք­նու­թեան մը հար­ցու­մը» խո­րագ­րեալ այս դա­սա­խօ­սու­թեան ըն­թաց­քին ե­լոյթ ու­նե­ցաւ ճար­տա­րա­պետ Րաֆ­ֆի Կեր­ճեան։

Ներ­կայ էին ՀԲԸՄ-ի Լի­բա­նա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի գոր­ծա­դիր տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Լե­ւիար, Պէյ­րու­թի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Սա­մուէլ Մկրտչեան, Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան փոխ-նա­խա­գահ Յա­րու­թիւն Սա­մուէ­լեան, Լի­բա­նա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Նի­զար Տա­հէր եւ այլ հիւ­րեր։

Օ­րուան ա­տե­նա­խօ­սը նշեց, որ ե­թէ Հա­յաս­տան հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ակն է, ա­պա Լի­բա­նան կը հան­դի­սա­նայ այն եր­կի­րը, ուր կի­լի­կեան եւ այլ տե­ղա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րով զար­գա­ցած է հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017