ՆՈՐ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՍԵՄԻՆ

Հան­րա­քուէին ար­դիւնք­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն բնո­րո­շել Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գը, մինչ ա­նոնք լայն ար­ձա­գանգ ստեղ­ծած են նաեւ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ։ Բարձ­րա­գոյն ընտ­րա­կան խոր­հուր­դը թէեւ տա­կա­ւին շուրջ տասն օր վերջ պաշ­տօ­նա­պէս պի­տի հրա­պա­րա­կէ հան­րա­քուէին վերջ­նա­կան ար­դիւն­քը, սա­կայն յայտ­նի է, որ թէ­կուզ չնչին ձայ­նե­րու տար­բե­րու­թիւ­նով՝ սա­կայն Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան ա­ռա­ջար­կը ար­ժա­նա­ցած է ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­նու­թեան եւ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Թուր­քիա աս­տի­ճա­նա­բար պի­տի անց­նի կա­ռա­վար­ման նա­խա­գա­հա­կան հա­մա­կար­գի։ Ընդ­դի­մա­դիր շրջա­նակ­նե­րը կը վի­ճար­կեն հան­րա­քուէի ար­դիւնք­նե­րը, կը պատ­րաս­տուին ի­րա­ւա­կան ճա­նա­պար­հով բո­ղո­քել ա­նոնց դէմ, սա­կայն զու­գա­հե­ռա­բար քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը սկսած է նոր օ­րա­կար­գով մը ըն­թա­նալ Թուր­քիոյ մէջ։ Մի­ջազ­գա­յին շրջա­նակ­նե­րը ո­րոշ վե­րա­պա­հու­թեամբ կ՚ըն­կա­լեն ար­դիւնք­նե­րը, մինչ ի­րենց դէ­տե­րու աշ­խա­տան­քին հի­ման վրայ՝ կարգ մը մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ ալ վե­րա­պա­հու­թիւն կը յայտ­նեն հան­րա­քուէի ըն­թաց­քին, ար­դիւնք­նե­րուն եւ ընդ­հան­րա­պէս մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թեան շուրջ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ե­րէկ այս բո­լո­րին ար­ձա­գան­գեց բո­ղո­քով։ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան բնոյթ վե­րագ­րեց այդ դի­տար­կում­նե­րուն։

Մինչ այդ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի հետ։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կու ղե­կա­վար­նե­րուն հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցը, ո­րու ըն­թաց­քին Թրամփ Էր­տո­ղա­նը շնոր­հա­ւո­րեց՝ 16 Ապ­րի­լի հան­րա­քուէի ար­դիւն­քի յաղ­թա­նա­կին հա­մար։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան եւ Թրամփ անդ­րա­դար­ձան նաեւ Սու­րիոյ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Թրամփ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ԱՄՆ-ի ձեռ­նար­կած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ի նպաստ Թուր­քիոյ կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ հա­սա­րա­կաց պայ­քա­րին։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նե­ցին այն բո­լոր խմբա­ւո­րում­նե­րուն դէմ, ո­րոնք ի­րենց նպա­տակ­նե­րուն հաս­նե­լու հա­մար կը դի­մեն ա­հա­բեկ­չու­թեան։

Միւս կող­մէ, հան­րա­քուէին յա­ջոր­դած մթնո­լոր­տին մէջ, ե­րէկ մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան նախ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի, ա­ւե­լի վերջ ալ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի ժո­ղով­նե­րը։ Կա­ռա­վա­րու­թեան բան­բե­րը՝ Նու­ման Քուր­թուլ­մուշ յայտ­նեց, որ ո­րո­շուած է եւս ե­րեք ա­մի­սով եր­կա­րաձ­գել ար­տա­կարգ դրու­թեան գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017