ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԵՒ ԱՆԳԱՐԱ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւր նախարարը ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Զարիֆ օրուան տեւողութեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Երկու նախարարները հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով մը։

Ճեւատ Զարիֆ Անգարա եկած էր Դամասկոսէն, ուր հանդիպում մը ունեցած էր Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի հետ։ Էրտողանի եւ Զարիֆի հանդիպումը տեւեց 1 ժամ 10 վայրկեան։ Չավուշօղլուն ալ ներկայ էր այս դռնփակ հանդիպման։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Իտլիպի եւ Մենպիչի իրադրութիւնը, ընդհանրապէս Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները, այդ երկրէ ներս քաղաքական անցումային գործընթացը, նոր սահմանադրութեան մշակման ուղղեալ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ խնդիրներ։ Երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքն ալ աչքէ անցուեցաւ բոլոր ուղղութիւններով։ Տարածքաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներու շուրջ տեղի ունեցան կարծիքի փոխանակումներ։ Թուրքիա-Իրան տնտեսական համագործակցութեան ամբողջին մէջ շօշափուեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Ճեւատ Զարիֆ Էրտողանի նկատառման մանրամասնութիւններ փոխանցեց Դամասկոսի մէջ Պեշար Էսատի հետ ունեցած հանդիպման շուրջ։ Հիւր նախարարը յայտնեց, որ Թուրքիա եւ Սուրիա կը հանդիսանան Իրանի հարեւանները եւ իր երկիրը կը ձգտի, որպէսզի անոնք լաւ յարաբերութիւններու մէջ ըլլան ապագային։ Զարիֆ շեշտեց, որ Թեհրան կը փափաքի տարածքաշրջանէ ներս հարեւան երկիրներու միջեւ շատ լաւ յարաբերութիւններու ստեղծուիլը։ «Վերջին երեք տարուան ընթացքին, Աստանայի գործընթացի շրջանակին մէջ յաջողեցանք Սուրիայէ ներս մեծաւ մասամբ ապահովել անդորրութիւնը։ Մենք Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի հետ միասին պիտի տեւականացնենք մեր ջանքերը Սուրիոյ մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ խօսեցանք Ափրիկէի հիւսիսի իրադարձութիւններուն շուրջ. այդ բոլորն ալ կը համարուին մեր տարածքաշրջանին մէջ», ըսաւ Ճեւատ Զարիֆ Անգարայի մէջ։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019