ՀԱՍՏԱՏԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու 31 մարտին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն վերջ, երէկ, Իսթանպուլի Ընտրական խորհուրդը ՃՀՓ-ական Էքրէմ Իմամօղլուին յանձնեց՝ քաղաքապետի ընտրութեան հաստատագիրը։ Այսպէսով աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած խնդիր մը հարթուեցաւ մեծաւ մասամբ։ Էքրէմ Իմամօղլու ընտրական հաստատագիրը ստանալէ վերջ անցաւ Իսթանպուլի քաղաքապետարան, ուր տեղի ունեցաւ հերթի փոխանակման արարողութիւն։ ԱՔ կուսակցութենէն Մեւլիւտ Ույսալ, որ վերջին տարիներուն կը վարէր քաղաքապետի պաշտօնը, Էքրէմ Իմամօղլուին փոխանցեց քաղաքապետութեան կնիքը։

Մինչ այսպէսով Իսթանպուլի քաղաքապետարանէն ներս սկիզբ առաւ նոր շրջան մը, Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդի օրակարգին վրայ կը մնան ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի ընտրութեան արդիւնքներու վերաբերեալ վիճարկումները։ ԱՔ կուսակցութիւնը կը պահանջէ ընտրութեան կրկնուիլը եւ այդ կապակցութեամբ Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը յառաջիկայ շրջանին պիտի արձակէ իր վճիռը։  

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019