ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Երէկ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի Շիշլիի գերեզմանատան շիրմին վրայ՝ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ:

Արարողութեան հանդիսապետեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, վեղարաւոր հայրեր եւ մեր քահանայից դասէն անդամներ։ Ներկայ էին նաեւ Տիրամայր Մարի Մութաֆեան, հոգելոյս պատրիարքի յուղարկաւորութեան կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Մելքոն Քարաքէօսէ եւ հաւատացեալներ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019