ՄԱՐԹԻՆ ԳԱԼՍՏԵԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ

Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն՝ երկրի Կեդրոնական դրամատան նոր նախագահի ընտրութեան համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, քուէարկութեան մասնակից երեսփոխաններու քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ ընտրուեցաւ Մարթին Գալստեան։ Այս պաշտօնին համար միայն իր թեկնածութիւնը առաջադրուած էր եւ համապատասխան առաջարկը ներկայացուած՝ «Իմ քայլը» իշխանական խմբակցութեան կողմէ։ Այսպէսով, Մարթին Գալստեան պիտի փոխարինէ Արթուր Ճաւատեանը, որ երկար տարիներէ ի վեր կը գլխաւորէր Հայաստանի Ազգային դրամատունը։

Մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ Մարթին Գալստեան ծնած է 1978 թուականին եւ իր սերունդի ամենափայլուն ներկայացուցիչներէն մին է։ Ան կը դասուի Հայաստանի ամենալաւ պատրաստութեան տէր դիւանակալներէն մին։ Մարթին Գալստեան 2002 թուականին աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի Տնտեսագիտութեան ֆաքիւլթէն։ 2009-2010 թուականներուն բարձրագոյն ուսումը կատարելագործած է Հարուըրտի համալսարանէն ներս, ուր «Քենետի» կառավարման դպրոցին մէջ ստացած է հանրային կառավարման մագիստրոսի որակաւորում։ 1998 թուականէն ի վեր շարք մը պաշտօններ ստացած է Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունէն ներս՝ աստիճանաբար դառնալով զանազան բաժիններու պետը։ Ընթացքին ղեկավարած է նոյն դրամատան Դիլիջանի ուսումնահետազօտական կեդրոնը։ 2008 թուականէն ի վեր Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան խորհուրդին կ՚անդամակցէր։

Ի դէմս Մարթին Գալստեանի յառաջիկայ շրջանին Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան գլուխը պիտի գտնուի շատ բարձր մակարդակի արհեստավարժ մը, որ հեղինակութիւն կը համարուի իր բնագաւառին մէջ։

Երէկուան քուէարկութեան նախօրէին Մարթին Գալստեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, ուր պատասխանեց պատգամաւորներու հարցումներուն եւ բացատրութիւններ տուաւ իր տեսլականին շուրջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2020